Միջին Արեւելքի մէջ վերջին տարիներուն տիրող ոչ խաղաղ պայմանները շուքի տակ առած են նաեւ Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւնները:
«Lebanon 24» թերթը անդրադարձած է այս տարուան Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւններուն, որոնք ընթացան շարք մը աղէտեալ արաբական քաղաքներու մէջ, որոնցմէ առաջինը՝ Երուսաղէմ Ս. Ծննդեան տօնը նշեց Թրամբի կողմէ այն Իսրայէլի մայրաքաղաք յայտարարուելէն ընդամէնը օրեր անց, երբ տակաւին տեղի արաբ բնակչութեան զայրոյթն ու ընդվումը իր գագաթնակէտին վրայ է:
Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցած են Ս. Ծննդեան պատարագներ, ինչպէս նաեւ մզկիթներէն ներս ուրբաթօրեայ քարոզ կատարուած է, որոնց ընթացքին առիթէն օգտուելով կրօնաւորներ անգամ մը եւս շեշտած են, որ Երուսաղէմ եղած է ու պիտի մնայ եկեղեցիներով եւ մզկիթներով հարուստ կրօնական արժէք ունեցող պատմական քաղաք:
Իրաքի մէջ պատերազմի հետեւանքով երեք տարիներու դադարէ ետք Մոսուլի եւ Նինուէի քրիստոնեաներու մնացորդները եկեղեցիներու մէջ հաւաքուելով Ս. Ծննդեան պատարագ կատարած են:
Ինչպէս իրաքեան քաղաքներու, այնպէս ալ Հալէպի եւ Հոմսի մէջ, երկար դադարէ ետք քրիստոնեայ բնակիչներ այս տարի ազատագրման քաղցրութիւնը ճաշակելով նշած են Ս. Ծննդեան տօնը, որուն ընթացքին ղօղանջած են եկեղեցիներու զանգերն ու շարք մը միջոցառումներ կազմակերպուած: