Ռաքքան «Տահէշ»էն ազատագրելու համար «Սուրիոյ Դեմոկրատական Զօրքեր» ու ջանքերը , «միջազգային դաշինքի » հետ, մնացին ապարդիւն։ « Ալ Ախպար» լրատուամիջոցը կը վկայե, որ թէեւ 40 օր անցաւ բայց դեռ ոչ մէկ դրական առաջընթաց կը նկատուի, հակառակ ակնկալիքներուն։ Անշուշտ Հալէպի հիւսիսը գտնուող թրքական ներկայութիւնը մեծ դեր ունեցաւ այս վիճակին մէջ։
Քրտական խմբաւորումները եւս կը ճնշեն «միջազգային դաշինքին »։ Քիւրտերը անիմաստ կը գտնեն Ռաքքայի գրաւումը, եթէ Աֆրին անցնի թուրքերու ձեռքը։
Այնինչ, արդէն տարակարծութիւններ կան, թէ ով պիտի ստանձնէ Ռաքքայի ղեկվարութիւնը՝ անոր ազատագրումէն ետք։
« Քաստ» խմբաւորումը, իր կրած ծանր վնասներուն պատճառով, հիմա դադրեցուցած է Ռաքքա ներխուժելու միտումը, մինչեւ նոր օժանդակութիւնն ստանալը։ Այնինչ լրատուամիջոցներ կը հերքեն այս որոշումի ճշդութիւնը։
Յայտնի է որ ներկայիս լայնատարած կռիւի փոխարէն Ռաքքայի մէջ տեղի կ՚ունենան փոքր բախումներ, տարբեր զինեալ խմբաւորումներու միջեւ։
Հիշեցնենք որ սուրիական բանակը հասած է Ռաքքայի հարաւ արեւմուտքը եւ գրաւած է քարիւղի հանքերը։ Զօրքը մօտեցած է նաեւ Տէր Ալ Զօրի հիւսիս արեւմուտքը։ Զօրքը կը միտի աւելի յառաջանալ՝ ստիպելով «Տահէշ» խմբաւորումին հեռանալ այդ վայրերէն։