image

«Քորոնա»ի դէմ պայքար. Իրանեան բանակը պիտի ցրուէ փողոցը գտնուող քաղաքացիները

«Քորոնա»ի  դէմ  պայքար. Իրանեան  բանակը   պիտի  ցրուէ  փողոցը գտնուող քաղաքացիները

Իրանեան  բանակի շտապի պետը  այսօր ուշագրաւ  յայտարարութիւն մը կատարելով նշած է, որ    բանակը  աշխուժ կերպով  պիտի մասնակցի   քաղաքացիները  փողոցներէն հեռացնելու  աշխատանքներուն։

 Զօր. Մոհամմատ  Պաքէրի  նաեւ նշած է, որ     այս առաքելութիւնը պիտի իրականացուի  առաջիկայ  24  ժամերուն ընթացքին  եւ  անշուշտ կը  տեղադրուի «Քորոնա»  վարակին դէմ  ընթացք  առած   պայքարի  շրջանակներուն մէջ։

 

 Նշենք, որ Հայաստանի հարեւան  Իրանի մէջ    «Քորոնա»  վարակին հետեւանքով    մահացածներու թիւը  հասած է 514-ի, իսկ  վարակակիրներուն  ընդհանուր թիւն է ՝  11364։