Քաթարի Կեդրոնական դրամատան յայտարարութիւնը, թէ լումայափոխութեան միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ Քաթարի ռիալի առուվաճառքի դադրեցումը չի համապատասխաներ իրականութեան, շատ արագ ու կտրուկ արձագանգ գտած է Նիւ Եորքեան խոշորագոյն դրամատուներու կողմէ: Այս մասին կը հաղորդէ «Sky News Arabic» կայանի կայքը:
Բրիտանական շարք մը դրամատուներ յայտարարութեամբ հանդէս եկած են, հաստատելով, որ դադրեցուցած են Քաթարի ռիալի առք ու վաճառքը, պատճառաբանելով, որ վերջինիս կողմէ ահաբեկչութեան աջակցութեան հետեւանքով արաբական երկիրներու համագործակցութեան դադրեցումն անոր հետ մեծ վնասներ պատճառած է իրենց:
Նշենք, որ բրիտանական դրամատուներու հրապարակած յայտարարութենէն ընդամէնը ժամեր առաջ Քաթարի Կեդրոնական դրամատունը վստահեցուցած էր, որ ԱՄՆ տոլարի դիմաց քաթարեան ռիալի փոխարժէքը անփոփոխ է եւ որեւէ ուղղութեամբ փոխանցումներ կատարելու արգելքներ չկան: