1982 սեպտեմբեր 14-ին ահաբեկչութեան զոհ կը դառնար Լիբանանի ընտրեալ նախագահ Պէշիր Ժըմայէլ: Ահաբեկչական պայթումի մը զոհ գացած նախագահը կը պատրաստուէր հանդիպում ունենալ իր կուսակիցներուն հետ, Պէյրութի Էշրէֆիյէ քրիստոնաբնակ շրջանի գլխաւոր կեդրոնատեղիներէն մէկուն մէջ:
Ան նախագահ ընտրուած էր 1982-ին, բաւականին դժուար պայմաններու մէջ, հանգրուանի մը, երբ մայրաքաղաք Պէյրութը բաժնուած էր երկու՝ քրիստոնէական եւ իսլամական շրջաններու: Ժըմայէլ, որ կրտսեր որդին էր «Փաղանգաւոր» կուսակցութեան հիմնադիր՝ Շէյխ Փիէռ Ժըմայէլին (Ժըմայէլի երեց որդին՝ Ամին Ժըմայէլն էր), որ նախագահ պիտի ընտրուէր, իր եղբօր ողբերգական սպաննութիւնէն ետք, կը ստանձնէր «Լիբանանեան ճակատ»ի ստեղծած «Լիբանանեան ուժեր» անունը կրող զինեալ խմբաւորումի ղեկավարութիւնը ու բաւականին թէժ մարտերէ ետք կը յաջողէր «գծել» Պէյրութի նոր սահմանները՝ ստեղծելով արեւելեան (քրիստոնեայ) եւ արեւմտեան (իսլամական) երկու «Պէյրութ»ներ: Աւելի ուշ Ժըմայէլ կ'որոշէ իր թեկնածութիւնը առաջադրել՝ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին: Ան նախագահ կ'ընտրուի եւ կը դառնայ 1943-ին իր անկախութիւնը ստացած երկրի 12-րդ նախագահ:
Եղած պայթումին հետեւանքով կը զոհուէին նաեւ Ժըմայէլի գաղափարակիցներէն՝ 26-ը:
Պաշիր Ժըմայէլ, որ կը համարուի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի «կեդրոնական» դէմքերէն մին, իր սպանութիւնէն 35 տարի ետք ալ կը շարունակէ հանդիսանալ երկրին մէջ վէճ եւ բաժանում առաջացնող քաղաքական կերպար մը:
Շատ մը քրիստոնէաներու համար Լիբանանի քրիստոնեաներու «փրկիչ» համարուող Ժըմայէլ այլ ճակատի վրայ (յատկապէս իսլամական շրջանակներուն մօտ) կը դիտուի որպէս դաւաճան՝ Իսրայէլի հետ համագործակցած ըլլալուն պատճառով: