Անգլիաբնակ պատմաբան, Լոնտոնի «Կոմիտաս Հիմնարկ» կեդրոնի ղեկավար Արա Սարաֆեանը այսօր, Դեկտեմբերի 6-ին, Հայաստանի Ազգային գրադարանի մէջ ներկայացուց նշանաւոր Ա-Տո կեղծանունով՝ Յովհաննէս Տէր-Մարտիրոսեանի «Մեծ դէպքերը Վասպուրականում 1914-1915 թվականներին» («Van 1915: The Great Events of Vasbouragan») աշխատութեան անգլերէն թարգմանութիւնը։
Վանի 1914-1915 թթ. հայկական դիմադրութեան մասին այս կարեւոր աշխատութիւնը հայերէնէ անգլերէնի թարգմանած եւ հրատարակութեան պատրաստած է ինքը՝ Սարաֆեանը եւ անոր ղեկավարած կենդրոնը: Գիրքի լոյս աշխարհ գալուն օժանդակած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հաստատութիւնը։
Վանի հայկական ջարդերէն յետոյ Ա-Տոն մեկնած է Վան, նիւթեր հաւաքած եւ պատրաստած է զեկոյց, որ շուրջ 400 էջերէ բաղկացած գիրքի տեսքով տպագրուած է Երեւանի մէջ, 1917-ին։
«Եթէ չըլլար Ա-Տոյի այս գիրքը, մենք յստակ տեղեկութիւններ չէինք կարող ունենալ Վանի շուրջ 450 գիւղերու եւ այնտեղ կատարուած հայկական ջարդերու մասին»,- ըսաւ Սարաֆեանը՝ ընդգծելով, որ Ա-Տոն շատ վստահելի աղբիւր է եւ անոր ներկայացուցած տեղեկութիւնները չափազանց կարեւոր են թրքական ժխտողականութեան սնանկութիւնը երեւան բերելու գործին մէջ։
Թրքական պաշտօնական ժխտողականութիւնն ու արեւմտեան պատմաբաններ Վանի դէպքերու վրայ կը սեւեռեն՝ ձգտելով ցոյց տալ, որ Օսմանեան կայսրութիւնը հայերու ցեղասպանութիւն չէ իրականացուցած, այլ փորձած է լռեցնել Վանի հայկական ապստամբութիւնը։