Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարար Լաւրով, երէկ Մոսկուայի մէջ տուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին իր յայտարութիւններէն մէկուն մէջ մտահոգութիւն յայտնած է, «նուսրա» ահաբեկչական կազմակերպութեան հանդէպ Ամերիկայի կեցուածքին նկատմամբ: Այս մասին կը գրէ լիբանանեան «Ալ-Ճատիտ»ը:
Ան նկատել տուած է, որ հանելուկային է Ամերիկայի կեցուածքը այս կազմակերպութեան նկատմամբ, մանաւանդ՝ անոր դիրքերը հարուածելէն խուսափումը: «Տարբեր միջոցներ գործի դնելով, կը ջանան խնայել Նուսրան հարուածներէ: Սա լուրջ մտահոգութիւն կ'առաջացնէ: Ամերիկացիներու հետ մեր կապերու ժամանակ միշտ այս հարցը փարձրացուցած ենք, սակայն ոչ մէկ տրամաբանական պատասխան չենք ստացած»,- ըսած է Լաւրով:
Շարունակելով իր խօսքը Լաւրով շեշտած է, որ ակնյայտ է Ամերիկայի հալածանքը Տահէշի դէմ, մինչ Նուսրայի եւ իր մէջ ձուլուած այլ կազմակերպութիւններու դէմ հալածանքի ոչ մէկ ճիգ կը նկատուի: