Իսրայէլի կողմէ զինուորական նոր գործողութեան մը պարագային լիբանանեան «Հըզպալլա»ն մտադիր է հարուածել Սուրիոյ տարածքներէն: Այս մասին գրած է «Only Lebanon» կայքը նշելով, որ «Հըզպալլա»ի ղեկավարութիւնը մօտէն կը հետեւի իսրայէլեան բանակի շարժումներուն եւ չէ բացառուած, որ կազամկերպութիւնը «բանայ» Սուրիոյ ճակատը:
Աղբիւրը նոյնպէս կը նշէ, որ վերջին ամիսներուն իսրայէլեան օդուժին կողմէ Սուրիոյ մէջ կատարուած գրոհները լարուածութիւն ստեղծած են շրջանին մէջ, սակայն «Հըզպալլա» յարմար նկատած է չհակադարձել իրադրութիւնը «պատերազամական վիճակ»ի մը չհասցնելու համար:
Նշենք, որ իսրայէլեան բանակը անցնող օրերուն Լիբանանի հետ սահմանային գօտիին մերձ զինավարժութիւններ կատարելով, փորձեց ուժի ցուցադրութիւն կատարել եւ որոշ պատգամներ հասցընել «Հըզպալլա»ին:
Նոյն առումով իսրայէլեան մէկէ աւելի աղբիւրներ գրած էին, որ Ուաշինկթըն այցելութիւն տուած իսրայէլացի զինուորական բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը դէմ հանդիման գտնուած էր ամերիկեան «խուլ ականջներ»ու քաղաքականութեան եւ ամերիկացիք յորդորած էին Թէլ Աւիւը այս հանգրուանին հեռու մնալ, առանց անոր ալ արդէն անհանգիստ, շրջանին մէջ զինուորական նոր լարուածութիւն ստեղծելէ: