image

Նիւթական նեցուկի կողքին լիբանանցիք պէտք ունին հոգեբանական աջակցութեան. Ընկերային ծառայող Խաչիկ Ղըսն

Նիւթական նեցուկի կողքին  լիբանանցիք պէտք ունին   հոգեբանական աջակցութեան. Ընկերային  ծառայող Խաչիկ Ղըսն

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ ընկերային ծառայող, Lebanese association of Victims of Terrorism (AVTL) կազմակերպութեան անդամ Խաչիկ Ղըսն:

 

-Պայթումը եւ Պէյրութի աւերածութիւնը արդէն մեր ետին է, հիմա կը խօսուի պայթումին ազդեցութիւններուն մասին, ոչ միայն նիւթական, այլ նաեւ մարդկային առումով, ի՞նչ են այդ ազդեցութիւնները:


Մարդկային առումով պայթումին թողած ազդեցութիւնները, անշուշտ բացի մարմնական վնասուածքներէն, հոգեկան ազդեցութիւններն են: Պայթումը «ապրած» մարդիկ հիմա վստահաբար յետ-թրաումաթիկ (հոգեխոցի) սթրեսի խանգարում (PTSD) կ'ունենան (post traumatic stress disorder), եւ այդ ազդեցութեան նշանները պայթումէն ետք առաջին ամսուան ընթացքին բնական երեւոյթ  կը  համարուին։ Շատ բնական երեւոյթ է, որ այդ շրջանին մարդիկ վախի զգացում ունենան, բարձր ձայներէն նեղանան, որովհետեւ այդ ձայները իրենց կրնայ յիշեցնել պայթումի ձայնը, մարդիկ կրնան ցնցուիլ, քունի, սնուելու խանգարումներ ունենալ, օրինակ կրնան սկսիլ շատ ուտել կամ հակառակը՝ բնաւ չուտել, հոգեկան մակարդակի վրայ տարբեր ազդեցութիւններ  զգալ։ Անոնք  միշտ վախի մէջ կ'ըլլան, որ այսպիսի պայթումը կրնայ  դարձեալ կրկնուիլ, եւ ինչպէս ըսի, PTSD-ի այդ բոլոր նշանները առաջին ամսուան համար բնական է, բայց, երբ որ այս զգացումները մէկ ամիսէն աւելի շարունակուին, անձի մը  մօտ, այն ատեն պարզ կը դառնայ, որ այդ նշանները միայն շոքի ազդեցութիւն չեն, եւ վստահ կ'ըլլանք որ տուեալ անձը PTSD կ'ապրի եւ մտած է փուլ մը, ուր իսկապէս պէտք ունի հոգեբանի միջամտութեան եւ օգնութեան:

 

-Այդ առումով, դուք, որպէս ազդեցութիւններու հետեւանքները վերացնող կազմակերպութեան մէջ աշխատող ընկերային ծառայող, ի՞նչ քայլերու կը դիմէք օգնելու համար այս պայթումի ցնցումէն ազդուած քաղաքացիներուն:


Ընկերային ծառայողը կամ մեր՝ Lebanese association of Victims of Terrorism (AVTL) կազմաերպութեան ծառայողները պայթումին երկրորդ օրն իսկ հեռախօսի թէժ գիծեր ստեղծեցինք եւ մարդոց տրամադրութեան տակ դրինք, որպէսզի երբ որ պէտք ունենան ինչ որ օգնութեան, հեռաձայնեն եւ մենք հասնինք իրենց, անշուշտ անվճար կերպով: Մենք մասնաւորապէս հոգեբանական օժանդակութիւն կը ցուցաբերենք, կը լսենք զիրենք, կը քաջալերենք որ պատմեն, թէ ինչ եղաւ իրենց հետ, ինչ զգացին, որովհետեւ նման պարագաներուն շատ կարեւոր է որ մարդ մանաւանդ իր զգացումներուն մասին խօսի եւ կը բացատրենք իրենց, թէ ինչո՛ւ համար այդ բանը կը զգան:

 

-Լիբանանն այսօր  ամբողջութեամբ աղէտի գօտի է, ե՛ւ տնտեսական, ե՛ւ ընկերային առումներով, ե՛ւ պայթումի հետեւանքով, ե՛ւ առկայ տագնապներու հետեւանքով: Այսօր ի՞նչ է ընկերային ծառայողին դերը Պէյրութի մէջ, ի՞նչ կարեւոր կէտեր կան, որոնց վրայ կ'աշխատիք:


Նկատի ունենալով, որ  տագնապային իրավիճակի մէջ կ'աշխատինք, առաջին հերթին պէտք է մարդոց լսելու եւ օգնութիւն ցոյց տալու պատրաստակամ ըլլանք:  Այս փուլին ամենակարեւոր բանը մարդոց լսելն է ու քաջալերելը, որ իրենք պատմեն իրենց ապրածին մասին, ժամանակ տրամադրել որ անոնք կարենան պատմել թէ ի՛նչ կը զգան, որովհետեւ անոնց հոգեկան ապրումները  կապ ունին թրաումային հետ. ընկերային ծառայողը նաեւ պէտք է տեղեկացուած ըլլայ, թէ այլ հաստատութիւններ ինչ օգնութիւններ կը տրամադրեն եւ այդ մասին իրազեկէ մարդոց, եւ անշուշտ ամենակարեւոր բանը, որ պէտք է ընեն ընկերային ծառայողները, հոգեբանները եւ բոլոր այդ անձերը, որոնք կ'աշխատին, ըլլայ Պէյրութի փողոցներուն մէջ, կամ իրենց հաստատութիւններէն ներս, շատ կարեւոր է, որ ուշադրութիւն դարձնեն նաեւ իրենց հոգեկան առողջութեան, որովհետեւ այս պայթումը վստահաբար իրենց վրայ ալ ազդած է, նոյնիսկ եթէ պայթումէն հեռու էին, եւ  իրենց մօտիկներէն, ծանօթներէն կամ հարազատներէն  լսած են  տարբեր  պատմութիւնները եւ   տեսած են պայթումի նկարները եւ այդ  բոլորը  մեծապէս   կ՚ազդեն իրենց վրայ ...։

 

-Ձեր ծառայութեան ժամանակ բնականաբար աշխատեցաք նաեւ լիբանանահայ հայրենակցիներու հետ: Ի՞նչ էին հայերու մտահոգութիւնները, ի՞նչ մտավախութիւններ ունէին, ի՞նչ հոգեկան ցնցումներ ապրած էին:


Լիբանանի եւ լիբանանահայերու մտահոգութիւններն ու կարիքները նոյնն են: Գիտէք, որ նախքան պայթումը, Լիբանանը արդէն կ'ապրէր շատ դժուար պայմաններու մէջ, կար տոլարի եւ տնտեսական տագնապ, շատ անձեր դարձած էին գործազուրկ կամ սկսած էին կէս դրոյքով աշխատիլ, ահռելի սղութիւնը սկսած էր, եւ հետեւաբար այսօր ալ Լիբանանի ամբողջ ժողովուրդը, որոնց շարքին նաեւ լիբանանահայերը օգնութեան կարիք ունին: Անշուշտ հիմա տարբեր օգնութիւններ կը տրամադրուին, մանաւանդ լիբանանահայ հաստատութիւններու, ակումբներու կողմէ օգնութիւններ կը բաժնուին, բայց տակաւին շատ դժուար օրերու մէջ կ'ապրինք: Այստեղ կ'ուզեմ շեշտել, որ այս օգնութիւններուն կարգին պէտք չէ անտեսուի հոգեբանական օգնութիւնը, մանաւանդ որ Լիբանանի մէջ, եւ ընդհանրապէս տարածաշրջանին մէջ, հոգեբանի օգնութեան դիմելը, անոր մօտ երթալը տակաւին թապու է, այս թապուն ձեւով մը պէտք է կտրուի, որպէսզի մարդիկ խօսին իրենց ապրած դժուարութիւններուն մասին, մանաւանդ պայթումին թողած հետքերուն մասին, որ շատ անձերու մօտ  ուրիշ թրոմաներ արթնցուց։ Եղածները   Լիբանանի պատերազմի թրոմաները արթնցուց, եւ մենք յաճախ կը լսենք ինչպէս մարդիկ կ'ըսեն՝ Լիբանանի պատերազմը ետ ապրեցանք, հետեւաբար ժողովուրդին հոգեկան առողջութեան ալ ուշադրութեան պէտք է դարձուի եւ այդ ուղղութեամբ օգնութիւն տրամադրուի:

 

-Ի՞նչն է ամենակարեւոր բանը, որ կորսնցուցին լիբանանցիները, յատկապէս պէյրութցիները այս պայթումին հետեւանքով:


Ի հարկէ մեծ թիւով մարդկային զոհեր եղան, նաեւ նիւթական շատ  վնասներ կրեցին, սակայն ամենակարեւոր բանը, որ պէյրութցիները կորսնցուցին՝ խաղաղութիւնն է եւ ապահով ըլլալու զգացումը: Գիտենք որ տունը մարդու համար ապահովութեան եւ խաղաղութեան  զգացում տրամադրող վայր է, եւ այս պայթումի պատճառած քանդումին հետեւանքով մարդիկ ամէնէն շատ կորսնցուցին իրեն խաղաղ եւ ապահովուած զգալու հնարաւորոթիւնը: