Պաշտօնական այցելութեամբ Լիբանանի նախագահ զօր. Միշէլ Աուն այսօր Ֆրանսա մեկնեցաւ:
Լիբանանի նախագահը իր այցելութեան ծիրէն ներս հանդիպումներ պիտի ունենայ Ֆրանսացի բարձրաստիճան պատասխանատուներու, որոնց շարքին իր պաշտօնակից Ֆրանսայի նախագահ Էմաննուէլ Մաքրոնին հետ:
Ըստ լիբանանեան լրատուական աղբիւրներու, քննարկման օրակարգին վրայ պիտի ըլլայ Լիբանանի համար խիստ մտահոգութիւն համարուող սուրիացի փախստականներու հարցը:
Յիշեցնենք, որ նախագահ Աունին համար Ֆրանսա, որպէս պետութիւն եւ երկիր կարեւոր նշանակութիւն ունի, որովհետեւ Լիբանանի նախագահը իր «աքսորի տարիներ»ու կարեւոր մէկ բաժինը անցուցած է Փարիզի մէջ: