Բրիտանական «The Guardian» թերթի դիւանագիտական լրագրող Ուիթնըր յայտնած է, որ արեւմտեան դիւանագէտները յոյս ունին, որ Սուրիոյ վերաշինութեան համար տրամադրուելիք գումարները կը փոխանցուին առանց Ռուսիոյ եւ Իրանի միջամտութեան երկրի ապագայի ծրագիրներուն:
Յօդուածագիրը դիտել տուած է, որ Թուրքիա ընդդիմացած է Սոչիի համագումարին Սուրիոյ քիւրտերուն հրաւէր ուղարկելու գաղափարին, նշելով, որ Ռուսիա զգուշացուցած էր ներկայ գտնուելէ խուսափող կողմերուն, իրենց բացակայութեան հետեւանքներէն:
Լրագրողը պարզաբանած է, որ Սուրիոյ նախագահ Ասատ համաձայնութիւն տուած է նոր սահմանադրութեան մշակման, միաժամանակ կարծիք յայտնելով, որ այն Ռուսիոյ համար նոր առիթ պիտի հանդիսանայ, Սուրիոյ մէջ իր հիմքերը հաստատելու համար:
Յօդուածին մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ Ռուսիոյ կողմէ ՄԱԿ-ի մարդասիրական օգնութիւններ տրամադրելու որոշման վերանորոգման, նշելով, որ ՄԱԿ պարտաւոր է Դամասկոսի թուլտուութիւնն ստանալ:
Լրագրողին փոխանցմամբ, այս պահուն արեւմտեան դիւանագէտները կը խոստովանին, որ Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ կամ Իրանի դերը չէզոքացնելու համար միայն մէկ խաղաթուղթ մնացած է, որ 200 միլիառ տոլարի հասնող Սուրիոյ վերաշինութեան ծախսերու փոխանցման միջոցով կրնայ իրագործուիլ:
Ուիթնըրի կարծիքով, Եւրոմիութիւնը յառաջիկայ տարուան սկիզբը Պրիւքսէլի մէջ երկրորդ համագումար մը պիտի կազմակերպէ, փորձելով ճնշում գործել Ռուսիոյ վեւ Իրանին վրայ, մանաւանդ նկատի ունենալով այն, որ վերջիններս նշուած գումարն ամբողջութեամբ տրամադրելու անկարող են:
Ըստ լրագրողին, Բրիտանիա եւ ԱՄՆ աւելի քան վստահ են, որ վերաշինութեան համար տրամադրուելիք գումարը պիտի կարողանայ Սուրիոյ ստիպել այնպիսի զիջումներ տալու, որոնք անգամ պատերազմի օրերուն չտուաւ:
Յօդուածի աւարտին Ուիթնըր նշած է, որ Սուրիոյ ընդդիմութիւնը ճնշում կը բանեցնէ Պրիւքսէլի վրայ, որպէսզի վերջինս Սուրիոյ վերաշինութեան համար որպէս նախապայման ներկայացնէ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման, ինչպէս նաեւ առանց Ասատի ճգնաժամի քաղաքական լուծման: