image

«Նախ բռնաբարեցի ու յետոյ սպաննեցի» Բրիտանուհի Ռեպեքայի սպաննութեան մասին նոր տուեալներ

«Նախ բռնաբարեցի ու յետոյ սպաննեցի» Բրիտանուհի Ռեպեքայի սպաննութեան մասին նոր տուեալներ

Բրիտանական «Financial Times» թերթը յօդուածով մը անդրադարձած է «Uber»ի  լիբանանցի 30-ամեայ վարորդ Թարէքի ձեռամբ սպաննուած բրիտանացի դիւանագէտ Ռեպեքա Տիքսի սպանութեան մանրամասներուն:

Թերթը, վկայակոչելով դիւանագէտներու վկայութիւնը, նշած է, որ վերջիններս տարածքի տեսախցիկներուն միջոցով տեսած են, թէ ինչպէս սպաննուողը անցեալ ուրբաթ, գիշերուան ուշ ժամերուն «SUV» տեսակի ինքնաշարժին մէջ նստեցուելով հեռացուած է:

Դիւանագէտներուն կարծիքով, Ռեբեկա այդ պահուն առեւանգուած է, իսկ Լիբանանի իրաւասու մարմինները յայտնած են, որ նշուած ինքնաշարժի վարորդը ձերբակալուած է, սակայն անոր մասին որեւէ մանրամասներ չեն բացայայտած:

Թերթը անդրադարձած է նաեւ «Uber»ի ծառայութիւն մատուցող ընկերութեան, նշելով, որ շարք մը երկիրներ արգիլած են այս ծառայութիւնը, ուղեւորներու անվտանգութիւնը պահպանելու նպատակով:

Ինչ կը վերաբերի յիշեալ վարորդի անձին,թերթը հաւաստիացուցած է, որ վերջինս քրէական անցեալ ունի, եւ յիշել տուած, թէ Տիքս խեղդամահ եղած է պարանոցին շուրջ պարան փաթթելու միջոցով:

Թերթին փոխանցած տուեալներուն համաձայն, ոճրագործն անմիջապէս ընդունած է իր մեղաւորութիւնը  եւ   ըսած «առաջին պահէն   երբ  ան ինքնաշարժս  մտաւ հաւնեցայ  զինք... նախ բռնաբարեցի ու ապա սպաննեցի: Սպաննելէս ետք ալ   Մեթնի    ամայի   մայրուղին  տարի ու դին հոն նետեցի»:

Նշենք, որ Ռեպեքայի սպաննութեան   դէպքին բացայայտումէն ետք  կարգ մը    վերլուծաբաններ      տեսակէտ  յայտնած էին, որ եղածը  «քաղաքական ոճիր» մըն է,  սակայն   Լիբանանի  իրաւապահ   մարմիններու զգօն  աշխատանքին  հիմքով   պարզ կը դառնար,որ եղածը    քաղաքական   դրդապատճառներ չունի: Այլ  քրէական անցեալ ունեցող ոճրագործի մը  հերթական   «գործ»ն է: