Մեծ ցնցումներէ, պզտլիկ ջղայնութիւններէ ու պատանեկան շնչատ խանդավառութիւններէ ծագում առած՝ արուեստական գրգռումի մը մէջ ապաստանած՝ արտասահմանի հայերս հասեր ենք (սահման բառը ո՛չ միայն Հայաստանի կը վերաբերի այլ եւ կը պատշաճի ամբողջ աշխարհին) հասեր ենք ուրեմն, ի վերջոյ մենք ալ չենք գիտեր ի՛նչպէս՝ մեր պատմութեան առաջին յիսնամեակին, մարդկութեան պոչին է՛ն ծայրը...
Մեր ուժերը հին գորգի մը պէս թանկարժէք բայց անգործածելի, քաղաքականապէս տհաս, մշակութային մարզին մէջ բոպիկ ու թանգարանային, ընկերային կեանքով-Ֆոթօ Արարատի տեքոռ...: Եթէ չունենայինք քանի մը ինքնաբաւ, անդաստան նկարիչներ, քանի մը կորսուած, շուարած երաժիշտներ, մոլեռանդ գիտնական մը հո՛ս, մռայլ լուսանկարիչ մը հո՛ն, անդին կիսավայրենի միլիոնատէր մը՝ կրնայինք գիշեր մը ազգովին անհետանալ աշխարհէն ու ո՛չ ոք պիտի անդրադառնար առաւօտուն թէ, մարդկութեան դրամագլուխէն բան մը պակսեր է: Հոս նկատի չունինք Խորհրդային Հայաստանը, արդարեւ:
Մենք մեր սուրճին հետ, առանձին, մեր գլխուն ճարը կրնանք նայիլ: Ո՛չ բեռ ըլլանք, ո՛չ ալ յոյս տանք Հայաստանին, մինչեւ այն օրը, երբ հայրենասիրութեան սեւ շուկան վերջ գտնէ ու մեր երկու պարագայական ճակատագիրները իրարու հանդիպելու կարելիութիւնը ունենան: Այս ճակատագիր բառը, դեռ լքուած, առկախ, գերբնական ու տիեզերական մղումներու ու միւս կողմէն՝ անյոյս, ձրի բայց անկարելի ազատութեան հրամայականին միջեւ...: Ո՛չ իսկ յստակութիւնը ունինք, երբեւիցէ ունեցած ենք եթէ, որպէսզի փաստէինք, գո՛նէ մենք մեզի՝ թէ առնուազն քաջութիւնը ունինք զայն գործածելու... մե՛նք, կիսաւարտ ու լքուած շանթիէ մը, մայրաքաղաքի կեդրոնէն հեռու, տարտամ արուարձանի մը սահմաններուն, անել փողոցի պէս բանի մը ծայրը, ուր, գործազուրկ, տարիքը անյայտ ու շատախօս դերասաններ ամէն իրիկուն կը հաւաքուին ու իրենց դպրոցական տարիքի դերերը կը խաղան ամենայն լրջութեամբ, ստորերկեայ բարքինկի մը մէջ...: Յետոյ փողոց կ'ելլեն ու սիրային շինծու արկածախնդրութիւններ կը պատմեն իրարու, յիշելով իրենց տգեղ կիները, վիժած նորածինները, անզգալաբար կծկուելով քիթ քթի, իրենց քունը գլուխը, սահելով կամաց կամաց թաց երազներու սպառումին մէջ...:
Վահէ Օշական
«Կ. Փօլատեան Զրոյց Դ. Հատոր» Պէյրութ 1971