Սուրիոյ իշխանութիւնները քիւրտերուն կ'առաջարկեն միասին պայքարիլ Սուրիոյ հիւսիսը Թուրքիոյ գործողութիւններու դէմ եւ պատրաստ են քրտական ջոկատներու մարտիկներուն ընդունիլ կառավարական բանակի շարքերէն ներս, բայց քիւրտերը դեռ կը հրաժարին: Այդ մասին յայտարարած Է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը «ՌԻԱ Նովոսթի»ին եւ «Ռոսիա 24» հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցի ժամանակ:
«Սակայն պատասխանը, որ, ինչպէս հարկ է հասկնալ, պաշտօնական էր, սա Է՝ անոնք (քիւրտերը) այժմ պատրաստ չեն միանալու սուրիական բանակին, եւ մտադիր են զէնքը իրենց մօտ պահել տուեալ տարածաշրջաններուն մէջ»,-յայտարարած Է Ասատը:
«Սուրիոյ եւ Ռուսաստանի համագործակցութեան շրջածիրէն ներս մենք այժմ կ'աշխատինք քրտական ջոկատներուն համոզել, որ սուրիական բանակին միանալը եւ պայքարը թուրք զաւթիչներու դէմ վստահելի եւ ճիշդ դիրքորոշում է՝ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ մեր կորսնցուցած տարածքները վերադարձնելու համար»,-ըսած Է Սուրիոյ նախագահը: Ան ընդգծած Է, որ հարկաւոր է հետեւիլ իրադրութեան զարգացման յառաջիկայ շաբաթներուն: