image

«Մեր ունեցածը պահել».Յակոբ Քորթմոսեան

«Մեր  ունեցածը պահել».Յակոբ Քորթմոսեան

(Քեսապի  երրորդ  տեղահանութեան առիթով)

 

Օրերը, շաբաթները, ամիսներն ու տարիները շուտ անցան:

Անցան՝ իրենց հետ տանելով լաւ ու բաւ յիշատակներ:

Անցան՝ իրենց հետ տանելով սիրելի մարդիկ:

Անցան՝ իրենց հետ տանելով լաւ օրեր:

Անցան՝ իրենց հետ տանելով խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն:

Ի վերջոյ անցան՝ փորձելով խլել անգամ ապրելու կամքն ու կորովը:

 

Բայց ապրիլ սիրողն ու կեանքին կառչածը դժուար թէ տկարանայ անցած-գացածներուն պատճառով: Ճիշդ է, անցած-գացածները իր հոգիին խորքը ահաւոր վիհ մը բացած կ'ըլլան, սակայն այդ վիհը կամրջելու կամքն ու կորովը անպակաս կը մնան իր մօտ եւ հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններու եւ նեղութիւններու, կորուստներու եւ աւերուածութիւններու, յանուն իր ինքնութեան, իր պատկանելիութեան կը շարունակէ ոտքի կանգնիլ ու գոյատեւել:

 

21 Մարտ 2014-ը քէսապցիին համար սեւ օր մը եղաւ, հակառակ գարնանամուտ ըլլալուն եւ կեանքի տօն՝ մայրերու տօն ըլլալուն: Սակայն, հակառակ սեւութեան քէսապցին յաջողեցաւ կամաց-կամաց սպիտակացնել յետագայ ընթացքը: Սպիտակացուց, բայց սեւը մնաց հոգիին խորքը, որովհետեւ՝

Ճիշդ է, այսօր Քէսապ գէթ արտաքնապէս ոտքի կանգնած է եւ կը շարունակէ գոյատեւել:

Ճիշդ է, որ այսօր Քէսապի բնակչութեան մեծ տոկոսը վերադարձած է:

Ճիշդ է, որ այսօր Քէսապի մէջ որոշ չափով վերականգնած է հոգեւոր, կրթական, մշակութային եւ միութենական կեանքը:

Սակայն այս բոլորը չեն կրնար բալասանել քէսապցիին հոգիին խորքը բոյն դրած ցաւը: Ինչքան ալ աշխատանք տարուի ամէն ինչ արտաքնապէս գեղեցիկ եւ գոյնզգոյն ցոյց տալու կամ ներկայացնելու, միեւնոյնն է, ատով քէսապցին ոչինչով պիտի օգտուի:

 

Կասկածէ վեր է, որ քէսապցին՝ ինչպէս ողջ հայութիւնը, գիտէ վերականգնիլ, գիտէ վերազարթնիլ ու գոյատեւել հակառակ դժուարութիւններուն: Սակայն, այսօր ժամանակն է գիտակցելու, որ այսօրուան աշխարհին քաղաքական պայմանները փոխուած են, այսինքն՝ այսօրուան աշխարհին քաղաքական պայմանները այն չեն, ինչ էին 100 կամ 106 տարիներ առաջ, երբ քէսապցին իր առաջին եւ երկրորդ տեղահանութիւնները ապրեցաւ: Այսօր քաղաքական պայմանները կտրականապէս տարբեր են եւ ուզենք կամ չուզենք, տեղ մը պէտք է հաշտուինք այս ճշմարտութեան հետ:

 

Ամէն առիթի, ամէն խօսքի մէջ թուրքն ու թուրքին արարքները յիշելն ու մեղադրելը՝ անոր մեղսակցութիւնը յիշելով ու յիշեցնելով, ոչինչով օգուտ կու տայ մեզի: Որու ի՞նչ կ'ուզենք ըսել կամ բացատրել, թէ թուրքը այպիսին է կամ այնպիսին, ո՞վ չի գիտեր թուրքին ինչութիւնը: Ո՞վ ծանօթ չէ թուրքին վայրագութիւններուն: Ո՞վ չի գիտեր թէ թուրքը արիւնարբու է եւ այդպէս ալ պիտի մնայ: Մեր խօսիլը կամ չխօսիլը ոչինչով կ'օգնէ մեզի: Այսօր, մեզի համար կարեւորը ո՛չ թէ թուրքն է կամ թուրքին կատարածները, այլ՝ հասկնալ թէ թուրքին ետին կանգնողներն են, որ կը հրահանգեն եւ ուղղութիւն կու տան անոր: Բնականաբար, թուրքը ոչ մէկ առիթ պիտի փախցնէ իր ձեռքէն, երբ մանաւանդ հարցը վերաբերի հայութեան, այդ պատճառով ալ այն ինչ որ կատարեց 21 Մարտ 2014-ին, նորութիւն մը չէր, եւ այդ կէտին վրայ կեդրոնանալը միայն մէկ բան ցոյց կու տայ մեզի, որ տակաւին քաղաքականապէս հասունցած չենք: Մինչ թուրքը ամէն ինչ կ'ընէ լաւագոյնս օգտագործելու համար իրեն ընծայուած առիթները, մենք՝ Խրիմեան Հայրիկին բացատրութեամբ, թուղթէ շերեփներով կը շարունակենք հերիսա փնտռել...

 

Վերը նշեցի, թէ Քէսապ այսօր վերստին գէթ արտաքնապէս իր նախկին վիճակին եկած է կամ կը փորձէ գալ: Քաջալերելի է եւ ո՛չ միայն քաջալերելի, այլ՝ հերոսութիւն է այդ պայմաններուն մէջ շարունակել ապրիլն ու գոյատեւելը: Առիթով մը գրութիւններէս մէկուն մէջ ակնարկած էի, թէ Քէսապի մէջ գոյատեւողներուն դիմաց մի միայն արժէ գլուխ խոնարհեցնել: Հիմա դարձեալ կը կրկնեմ նոյնը, յարգանք ու պատիւ ձեզի համագիւղացիներ:

 

Ի վերջոյ, կ'ուզեմ ձեր հետ բաժնեկցիլ համագիւղացիներ, մեր գիւղի զաւակ՝ Լուսահոգի Արտաւազդ Արք. Թրթռեանին հետ ունեցած մէկ խօսկցութիւնս, Գալատուրանի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ վերակառուցման առիթով: Խօսակցութիւնը Քէսապի 3-րդ տեղահանութենէն տարիներ առաջ տեղի ունեցած է, Պիքֆայայի Դպրեվանքի շրջաբակին մէջ: Երբ Գալատուրանի եկեղեցւոյ կառուցման աշխատանքները կը կատարուէին, երիտասարդական ոգեւորութեամբ Սրբազան Հօր խօսակցութեան նիւթ բացի այդ ուղղութեամբ: Տեսնելով ոգեւորութիւնս, թեթեւ ժպիտ մը ուրուագծեց իր դէմքին վրայ եւ ուշադրութեամբ լսեց զիս մինչեւ վերջ: Աւարտելէս ետք, պահ մը իր հայեացքը ուղղեց դէպի Միջերկրականի հորիզոնին ու դառնալով ինծի ըսաւ.

- Օրհնեա՜լ, եկեղեցի կառուցելը միշտ ալ քաջալերելի եղած է մեզի համար, եւ յետոյ՝ մենք եկեղեցիներ կառուցող ազգ եղած ենք: Սակայն, հարցում մը քեզի, որո՞ւ համար կը կառուցեն այդ եկեղեցին, երբ գիւղին մէջ ըստ իմ իմացածիս, տարին հազիւ տասը Պատարագ կը մատուցուի, գիւղը մնայուն քահանայ չունի..., -դարձեալ հայեացքը ուղղեց հորիզոնին: Ապա, նկատելով զարմացած ու մտահոգ հայեացքս, շարունակեց-, չըսիր, որո՞ւ համար կը կառուցեն, այլազգներո՞ւն, որպէսզի գան սրբապղծեն զայն: Լաւ իմացիր, այն ինչ որ այս վերջին տասնամեակներուն կառուցեցինք Սփիւռքի մէջ, ի վնաս մեզի է, որովհետեւ մենք ատոնց տէրը չենք: Նոյնն է պարագան Քէսապին, ճիշդ է անցեալին հայկական թագաւորութեան մասնիկ մը եղած է, սակայն այսօրուան քարտէասբանութեամբ՝ կը պատկանի ուրիշին եւ բնականաբար բոլոր կառոյցներն ու սեփականութիւններն ալ ի վերջոյ տուեալ երկրին կը պատկանին: Մենք ո՛չ թէ պիտի կառուցենք ասկէ ետք, այլ՝ պիտի աշխատինք մեր ունեցածը պահել, եթէ յաջողինք պահել, այդ ալ մեծ իրագործում է...

 

Վստահ եմ, ձեզմէ շատեր երբ կարդացին Լուսահոգի Սրբազանին խօսքերը, յատկապէս այն ինչ կը վերաբերի եկեղեցւոյ կառուցման, իրենց աչքերուն առջեւ ունեցան այն տեսաերիզը, որ զինեալները նկարած էին Գալատուրանի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցիէն....

 

Մեկնաբանութիւնները կը կարծեմ որ աւելորդ են:

 

Լաւ պիտի ըլլար 3-րդ տեղահանութեան 2-րդ տարելիցին, Լուսահոգի Սրբազանին թելադրութիւնը կեանքի կոչել՝ «մեր ունեցածը պահել»-ու, որովհետեւ ո՛չ ոք կրնայ մեզի գրաւական տալ, որ 4-րդ, 5-րդ, 6-րդ տեղահանութիւններ պիտի չապրինք յետագային, ո՛չ ՄԱԿ-ը, ոչ ալ որեւէ մէկ հզօր կամ տկար պետութիւն, որովհետեւ այսօր աշխարհը ղեկավարողը՝ քաղաքական շահն է, եւ ո՛չ թէ մարդկային իրաւունքն ու բարոյականութիւնը:

 

 

Յակոբ  Քորթմոսեան

 

15 Մարտ 2016