image

Մելգոնեանի հողաշերտին արժեգինը կը նուազի. Ի՞նչ պիտի որոշէ Բարեգործականը

Մելգոնեանի հողաշերտին արժեգինը կը նուազի. Ի՞նչ պիտի որոշէ Բարեգործականը

Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ սրտին վրայ  գտնուող   եւ  երկար ժամանակէ ի վեր  իր դռները փակած Մելգոնեան վարժարանի հողաշերտին գինը նուազում  արձանագրած է։

Օրեր առաջ այս մասին հրապարակում մը կատարած է կիպրական  «Ֆիլէտէֆթէրոս» պարբերականը, նշելով, որ մինչ մօտիկ անցեալին հողաշերտը կ՚արժէր շուրջ 80 միլիոն եւրօ, այսօր անոր գինը անկում գրանացած է շուրջ 53 տոկոսով։

Լուրն անշուշտ տարածուած է կիպրահայ գաղութի տարբեր շրջանակներուն մէջ եւ նոյնիսկ ուրախութիւն պատճառած  բոլոր անոնց, որոնք  երկար ժամանակէ  ի վեր կը պայքարին Մելգոնեանի հողաշերտի վաճարելուն դէմ։

Ի դէպ վերջին շրջանին մեծ թափ առած էր Մելգոնեան  վարժարանի թեման, մասնաւորապէս այն օրերուն, երբ Հայաստանի Ազգային Ժողովը  ներկայացնող բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ՝ Արարատ  Միրզոյեանի  այցելած էր Նիկոսիա։  Այդ   օրերուն էր, որ Մելգոնեանի դատը հետապնդողները ցոյց կազմակերպած էին նախաձեռնութեամբ վերջերս ԱՄՆ-ի մէջ կազմուած «Մելգոնեան համաշխարհային նախաձեռնութեան», որուն  համակարգողն էր համակարգողն էր Մելգոնեանի  շրջանաւարտ ՝ Արսինէ   Շիրվանեանը։

Անշուշտ հարկ է նշել, որ 2018  թուականի  ապրիլին  Մելգոնեանի թեման դարձած էր    հանրային հետաքրքրութեան   առանցք  այն պատճառով, որ  այդ օրերուն Նիկոսիոյ մէջ շրջան կ՚ընէին լուրեր, ըստ որոնց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը վճռած է ամէն գնով վաճառել  Մելգոնեանի   հողատարածքը։

Համայնքային գործիչներ, Մելգոնեանի շրջանաւարտ սաներ, ինչպէս նաեւ  աշխարհով մէկ սփռուած Մելգոնեանցիներ կտրականապէս դէմ էին ու տակաւին ալ դէմ են նման գաղափարի ու այդ առումով ալ կը դատապարտեն Բարեգործականը, որ ըստ իրենց Մելգոնեանի  խնդրով կը ցուցաբերէ  անլուրջ  եւ անողնայար   վերաբերմունք։