Յառաջիկայ 4 մայիսին լիբանանեան MEA օդանաւային ընկերութիւնը կը կազմակերպէ դէպի Պէյրութ յատուկ չուերթ մը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ մօտիկ կանգնող աղբիւրէ մը։
Մեր ունեցած տուեալներով յատուկ չուերթը պիտի կայացուի Լիբանանի կառավարութեան նախաձեռնութեամբ նպատակ ունենալով ապահովել «Քորոնա» համաճարակին հետեւանքով Երեւան մնացած լիբանանցիներու վերադարձը։
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի պարագան առաջինը չէ, եւ վարչապետ Հասսան Տիապի կառավարութիւնը նոյնկերպ վարուած էր ապահովելով եւրոպական եւ ափրիկեան տասնեակ երկիրներիւ մէջ գտնուող լիբանանցի ուսանողներու եւ քաղաքացիներու տունդարձը։