image

Մասունքի Պէս Պահենք «Ցեղասպանութիւն» Բառը

Մասունքի Պէս Պահենք «Ցեղասպանութիւն» Բառը

Տարբեր դէպքերու առիթով  յաճախ հնչող «Ցեղասպանութեան» բառին առջեւ   աւելի խեալմիտ ըլլալու ենք: Այս մասին մտածելու տեղիք տուաւ Թուրքիոյ խորհրդրանաի հայազգի երեսփոխանին կատարած յայտարարարութիւնը: Քրտամէտ HDP-ի ցուցակով Պոլսոյ շրջանէն երեսփոխան ընտրուած Կարօ Փայլան վերջերս քիւրտերուն հետ կատարուած դէպքերը համարած էր ցեղասպանութիւն: Ուրիշ առիթներու եւս նման  յայտարարութիւններ կատարուած են: Այս բառը մեր ժողովուրդի ամէնէն ողբերգական էջերուն ընդհանուր սեւ շրջանակը գծող բառ մըն  եւ  տանելի չէ, որ ամէն մեծ ու փոքր դէպքի դիմաց    իրադրութիւնները, որպէս ցեղասպանութիւն  ներկայացնենք կամ բնութագրենք: Ճիշդ է, որ  Թուրքիոյ մէջ ընթացող գործընթացները բաւական մտահոգիչ են եւ մեծ հարցադրումներու դուռ կը բանան: Ճիշդ է նաեւ, որ Տիարպէքիրի ու անոր տարբեր թաղամասերուն մէջ կատարուած դէպքերը, բռնութիւնները,  սպաննութիւնները  դատապարտելի են: Բայց  տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն չէ ու աւելին՝ ընդունելի չէ, որ այդ դէպքերը ցեղասպանութիւն համարուին: Այդ բառին յարմար- անյարմար առիթով օգտագործումը կը վնասէ, ոչ միայն մեր ժողովուրդի դատին, այլ կը վնասէ նոյնինքն քիւրտերուն: Տակաւին չեմ խօսիր այն մասին, թէ ինչքանով ճիշդ է այս հանգրուանին դիտարկումներ կատարել եւ կարծիքներ տալ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մասին:

Չենք խօսիր քիւրտերուն արդարացի  ըլլալ- չըլլալուն մասին, այլ շեշտը  կը դնենք մեզի համար սրբութիւն համարուող «Ցեղասպանութիւն» բառի շահարկման վրայ:

Ի՞նչ օգուտ պիտի քաղենք, եթէ ամէն առիթի մեր սրբութիւնները դուրս հանենք  մատուռէն ու ցոյց տանք աշխարհին:

Կամ ինչքանո՞վ լուրջ պիտի համարեն մեզ, եթէ մեր դատին հետ ուղղակի աղերս չունեցող դէպքերը ցեղասպանութիւն որակենք:

Խօսքը կարծիքի ազատութեան մասին չէ, այլ չափի զգացողութեան, ճիշդ որակումներ ընելու եւ նետերը ճիշդ թիրախը ուղղելու մասին է:

Ինչքան անհեթեթ պիտի ըլլայ, երբ մեզի համար սրբութիւն սրբոց համարուող մասունքները ամէն առիթի դուրս բերենք վեհարանի գանձարանէն ու ցուցադրենք բոլորին:

«Ցեղասպանութիւն» բառը «սրբութիւն» է ու տեղին չէ անոր շահարկումը: Նոյնիսկ՝ մերժելի ու վնասակար է:

Մասունքները միայն յարմար առիթներու պահենք, անոնցմէ ուժ ու կորով ստանալու համար:

Ցեղասպանութեան բառին պահապանումը մեր բոլորին պարտքն է:

Այդ պարտականութեան գիտակցութեան էջը մենք վաղուց դարձուցած պէտք է ըլլայինք: