Հռոմի Պապը մերժած է Ճոնի Իպրահիմի նշանակումը, որպէս Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան, կը գրէ «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը:
Ըստ իտալական El messagero թերթին, ներկայիս Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի հիւպատոսի պաշտօնը զբաղեցնող Ճոնի Իպրահիմի նշանակումը մերժուած է Պապին կողմէ, քանի որ վերջինս կապեր ունի մասոնութեան հետ:
«Ալ Ախպար» թերթը կարծիք յայտնած է, թէ մասոնութեան հետ առնչութիւն ունենալուն համար Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպանի թեկնածութեան մերժումը սովորական դէպք չէ, եւ այդ նշանակման որոշուն ընդունողները՝ թէ' նախագահական պալատէն ներս, թէ' Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ պէտք է գիտակցէին, որ Վատիկան պիտի չընդունէր զինք, հակառակ եկեղեցւոյ հետ վերջինիս ընտանիքին սերտ կապերուն:
Թերթը մանրամասնած է, որ ըստ ընդունուած կարգին, Վատիկանի մօտ դեսպանի նշանակումը կ'իրականացուի նախագահական պալատին կողմէ, եւ ո'չ վարչապետը, ո'չ խորհրդարանի նախագահը որեւէ կապ կ'ունենան այդ որոշման հետ: Հետեւաբար, ըստ Պապական Աթոռին կողմէ խնդիրին արծարծման բաւարար էր, որպէսզի նշանակման որոշումը վերանայման ենթարկուէր, եւ ոչ թէ փորձէին «մասոնութիւն» բառին ազդեցութիւնը նուազեցնել:
Թերթը միաժամանակ յայտնած է, որ Վատիկանի մօտ Լիբանանի առաջին դեպսանի նշանակումէն ի վեր, Վատիկան մշտապէս ձգտած է պահպանել պաշտօնական Լիբանանի, ինչպէս նաեւ իսլամական համայնքներուն եւ երկրի քաղաքական անձնաւորութիւններուն հետ ջերմ յարաբերութիւնները, անկախ քրիստոնէական եւ եկեղեցական յարաբերութիւններէն: