image

Լիբանանի մասին Ասանժի «ահազդու» գրառումը

Լիբանանի մասին Ասանժի «ահազդու» գրառումը

«Ուիքիլիքս» կայքի հիմնադիր Ասանժ թուիթըրեան իր էջին գրառում մը կատարած է, անդրադառնալով Լիբանանի մէջ վերջին օրերուն տիրող ճգնաժամին:

Գրառման մէջ նշուած է. «Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը յոռետեսութեան տեղի կու տայ»:

Նշենք, որ քաղաքական ու դիւանագիտական բացթողումներու հրապարակման խոշորագոյն կայքը համարուող «Ուիքիլիքս» շատ մեծ քանակով քաղաքական գաղտնիքներու, ինչպէս նաեւ միջազգային յարաբերութեանց գաղտնի տեղեկութիւներու կը տիրապետէ, զորս պարբերաբար հրապարակած է վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին, եւ նպաստած է տարբեր երկիրներու մէջ առաջացած քաղաքական ճգնաժամերու եւ անգամ կառավարութիւններու տապալման:

Հետեւաբար, Ասանժի գրառումը մտածել կու տայ, թէ վերջինս Հարիրիի հրաժարականին հետեւանքով Լիբանանի մէջ ստեղծուած ճգնաժամին հետ կապուած գաղտնի տեղեկութիւններ ունի: