Երէկ գիշեր, լիբանանցի աքթիւիսթ Փիէռ Հաշշաշ Քաֆար Ապէտ-Պաթրուն ճանապարհին վրայ ծեծի եւ սպառնալիքի ենթարկուած է: Այս մասին «Ալ-Նահար»ին յայտնած է Փիէռին քոյրը, նշելով. «4 զինուած անձեր տեղափոխող ինքնաշարժը եղբօրս ճանապարհը կտրելով յարձակեցան անոր վրայ եւ զէնքի բռնմասերով հարուածեցին, մինչեւ գիտակցութիւնը կորսնցնելը»:
Այսօր, լիբանանեան մամուլը անդրադառնալով միջադէպին, նշած է, որ Հաշշաշ իր դիմատետրի էջին նախարար Ճպրան Պասիլը եւ իր ուղեկիցները պատկերող նկար մը հրապարակած է, որուն մէջ ցոյց կու տայ իր վրայ յարձակող անձերէն մէկը:
Նշենք որ Հաշշաշ այժմ կը գտնուի Լիբանանի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ, ուր կը ստանայ համապատասխան բուժում: