Լիբանանի մէջ իրականացուած ահաբեկչական պայթումներու նախագծողները, մասնակիցներն ու իրագործողները բացայայտելու ուղղութեամբ կատարուող քննութեան ծիրին մէջ, Ազգային անվտանգութեան ուժերը երկու սուրիացի ձերբակալած են, որոնք ահաբեկչական խմբաւորումներու անդամակցած ու Լիբանանի մէջ կատարուած պայթումներուն մասնակից դարձած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Only Lebanon» լրատուական կայքը:
Հարցաքննութեան ընթացքին ձերբակալուածներէն մէկը խոստովանած է, որ ինք Ապու Ճաաֆար Ալ Քասթալի կոչուած ահաբեկիչին աջ բազուկն է, եւ մասնակցած է պայթուցիկ նիւթեր ապահովելու եւ ինքնաշարժներ պայթեցնելու գործերուն: Նշուածներու շարքին են Լիբանանի մէջ պայթած ու մեծ թիւով քաղաքացիներու կեանքեր խլած ինքնաշարժները:
Երկրորդ ձերբակալուածը խոստովանած է, որ նոյն ահաբեկչական խմբաւորման անդամ է, եւ Սուրիոյ Եապրուտ շրջանին մէջ գտնուող իր գրասենեակը Ապու Ճաաֆար Ալ Քասթալիի տրամադրութեան տակ դրած է, ուրկէ դէպի Լիբանան ուղարկելու համար ինքնաշարժները կը պատրաստուէին: Ան նաեւ իր ընկերոջ հետ միասին մասնակցած է պայթուցիկ նիւթեր տեղափոխելու եւ ինքնաշարժներ պայթեցնելու գործողութիւններուն:
Ներկայիս հետախուզութիւն կը կատարուի, խմբաւորման միւս անդամները գտնելու ուղղութեամբ: