Թուրքիոյ կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները, թէ Սուրիոյ մէջ ռուսական ուժերու հետ համագործակցաբար ռազմական գործողութիւններ պիտի իրականացուին քրտական ուժերուն դէմ, մեծ անակնկալ էր բոլորին համար, մանաւանդ նկատի ունենալով այն, որ տարածաշրջանին մէջ Ռուսիոյ եւ քիւրտերու յարաբերութիւնները դրական կը գնահատուին:
«Lebanon 24» լրատուական կայքի ձեռք բերած տուեալներուն համաձայն, թրքական կողմի նման յայտարարութիւն իսկական հիմքեր ունի, ըստ որոնց, Սուրիոյ բանակը պիտի վերատիրէ Իտլիպ նահանգին, փոխարէնը օժանդակելով Թուրքիոյ սահմանակից շրջաններուն մէջ քիւրտերուն դէմ իրագործուելիք ռազմական գործողութիւններուն:
Աղբիւրին փոխանցմամբ, քիւրտերու դէմ ռազմական հաւանական գործողութիւնները սկիզբ պիտի առնեն Ռաքքա քաղաքէն, որ միակ խոշոր քաղաքն է, որ տակաւին ամբողջութեամբ Սուրիոյ բանակի իշխանութեան տակ չէ առնուած: