image

Իտլիպի տագնապ. Թուրքիա նոր զոհերու մասին յայտարարեց

Իտլիպի տագնապ.  Թուրքիա  նոր  զոհերու մասին յայտարարեց

 Թուրքիոյ պաշտպանութեան   նախարարութիւնը այսօր հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով    երկու նոր զոհերու մասին   յայտարարեց։

 

 Կը նշուի նաեւ, որ   Թուրքիոյ  բանակի  երկու զինծառայողները  սպաննուած են Իտլիպի մէջ    ընթացող մարտերուն   ընթացքին։

 

  Աղբիւրը նաեւ նշեց,    որ      երկու զինուորներէն բացի  վիրաւորուած են թրքական բանակի    վեց զինծառայողներ։

 

 Նշենք, որ     գրեթէ մէկ շաբաթէ ի վեր թէժ մարտեր կ՚ընթանան  մէկ կողմէ  ահաբեկիչ  զինեալներու  եւ թրքական  բանակի  զօրամիաւորումներու  եւ միւս կողմէ Սուրիոյ  բանակին  միջեւ։

 

 Սուրիոյ բանակի  արեւմտեան  Հալէպի  մէջ  գրանցած     ձեռքբերումներէն  ետք   թէժ  մարտեր   ընթացք  առին Սուրիոյ Իտլիպ  նահանգին  շուրջ,   ուր  Անգարա  երեւելի  զօրակցութիւն կը ցուցաբերէ  ահաբեկիչ  զինեալներուն։