Սուրիոյ բանակը կը շարունակէ յառաջանալ Իտլիպ քաղաքի տարբեր թաղամասերուն մէջ, կը գրէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:
Ըստ ընդդիմադիր աղբիւրներու, Իտլիպի ազատագրման գործողութիւններուն ընթացքին «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման զինեալներու զոհերու թիւը հասած է 50-ի:
Միւս կողմէ ռազմական լրատուամիջոցները լուսանկարներ հրապարակած են Համայի արուարձանի մէջ տեղի ունեցած մարտերուն, ուր պատկերուած են «Նըսրա»ի տուած զոհերու դիակները, ինչպէս նաեւ վերջիններուս պատկանող հրկիզուած սարքաւորոմները: Նշուած է, որ սուրիական բանակի յարձակումներուն հետեւանքով Համայի արուարձանին մէջ «Նուսրա»ի աւելի քան 30 զինեալ սպաննուած է, որոնցմէ է ահաբեկչական շարժման ղեկավարներէն Անաս Ապու Մալէք եւ երկու այլ հրամանատարներ: