image

Իտլիպի դէպքերուն հետեւանքով Էրտողանի վարկը կը նուազի

Իտլիպի դէպքերուն հետեւանքով Էրտողանի վարկը կը նուազի

Թրքական Metropol ընկերաբանական հարցախոյզեր իրականացնող ընկերութեան հերթական հարցումը  այնքան ալ հաճելի չէ եղած իշխող կուսակցութեան։

Թրքական Cumhuriyet–ի փոխանցմամբ՝ Թուրքիոյ նախագահի նկատմամբ ամենաբարձր վստահութիւնը եղած է 2016–ի ռազմական յեղաշրջման փորձի օրերուն, իսկ ամենացածը՝ Սուրիոյ Իտլիպի գործողութեան շրջանին։

Հետաքրքրական է, որ եթէ անցեալին թրքական հասարակութեան զգալի մասը դրական կը վերաբերէր Սուրիոյ մէջ գործողութիւններու իրականացման, սակայն այժմ դէմ արտայայտուած են Իտլիպի մէջ թուրք զինուորներու ներկայութեան։ Ընդամէնը 30 տոկսը կարեւոր համարած է սուրիական Իտլիպի մէջ գործողութիւնը։