Անվտանգութեան ոլորտի փորձագէտ մը զգուշացուցած է «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման կատարելիք հաւանական միջուկային յարձակումէն, որ կրնայ իրագործել արեւմտեան երկիրներուն մէջ, Միջին Արեւելքէն տեղափոխուած միջուկային նիւթեր պարունակող ռազմական զէնքերով, կը գրէ «The Australian» թերթը, վկայակոչելով շաբաթ մը առաջ հանգստեան կոչուած Նիւ Սաուս Ուէյլզի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ոստիկանական ուժերու աշխատակից Մարք Մարտուխի խօսքերը:
«Հակառակ իրաւասու մարմիններու բոլոր ջանքերուն, սակայն Աւստրալիոյ մէջ ահաբեկչական յարձակումներու իրագործումն առաւել հաւանական կը դառնայ»,- նշած է ան, աւելցնելով. «Մենք օրէ օր կը մօտենանք ակաբեկչական յառաջիկայ յարձակումին: Անշուշտ իւրաքանչիւր գիշեր, որ վրայ կը հասնի, մենք ենթակայ կը դառնանք ինչ որ շրջանի մը մէջ նոր յարձակման մը»:
Մարտուխիի համոզմամբ, «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման ահաբեկիչները Սուրիոյ մէջ մղուող պատերազմի դաշտերէն միջուկային զէնքեր ձեռք պիտի բերեն, զորս տեղափոխելով արեւմտեան երկիրներ այնտեղ յարձակման փորձեր պիտի կատարեն: Փորձագէտը դիտել տուած է նաեւ, որ վերջերս չորս անձեր ձերբակալուած եւ այն պահուն, երբ կը փորձէին «Ալ Իթթիհատ» ընկերութեան օդանաւերով Սիտնիէն Ապու Տապի տեղափոխել տեղական արտադրութեան ռումբեր, որոնք հաւանական ահաբեկչական յարձակման պարագային կրնային 412 անձի պատճառ դառնալ:
Ահաբեկչական գործողութեան մանրամասներուն անդրադառնալով, թերթը նշած է, որ գործողութիւնն իրականացնելու համար օգտագործուած էր օդանաւի ուղեւորներէն մին, որ իրմէ անկախ դէպի օդանաւ պիտի տեղափոխէր պայթուցիկ նիւթերը:
Այս առթիւ օդային անվտանգութեան ոլորտի փորյագէտները զգուշացուցած են օդակայաններու մէջ պետական պաշտօնեաներու փոխարէն անձնական ընկերութիւններու անվտանգութեան աշխատակիցներ աշխատանքի ընդունելէ:
Մարտուխի զգուշացուցած է նաեւ, որ նման փորձ կրնայ կրկնուիլ այնպէս, ինչպէս տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ մէջ, երբ անվտանգութեան աշխատակիցները խափանեցին «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման կողմէ իրագործուելիք ահաբեկչական գործողութեան փորձը: