Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հոգեւոր առաջնորդի խորհրդական Ալի Աքբար Ուիլայաթի, նկատի ունենալով իրաքեան Քիւրտիստանը, յայտարարած է, որ իրենք Թուրքիոյ հետ միասին թոյլ պիտի չտան որ տարածաշրջանին մէջ «երկրորդ Իսրայէլ» ստեղծուի:
«Իրաքի ժողովուրդը, Թուրքիան, Իրանը եւ տարածաշրջանի միւս երկիրները անպատասխան պիտի չձգեն այս եւ պիտի ընդդիմանան այս նողկալի երեւոյթին դէմ: Իսլամական երկիրները թոյլ չեն տար, որ տարածաշրջանին մէջ երկրորդ Իսրայէլ ստեղծուի»,- ըսած է Ուիլայաթի:
Ան աւելցուցած է, որ հանրաքուէի ճիշդ յաջորդ օրը, Իրան Քիւրտիստանի հետ սահմանին հրթիռներ տեղակայած է: Ուիլայաթի Քիւրտիստանի հետ կապուած զարգացումները որակած է որպէս «զաւթողական շարժում»:
Նշենք, որ Իսրայէլբացայայտ կերպով աջակցութիւն յայտնած էր իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ 25 Սեպտեմբերին կայացած անկախութեան հանրաքուէին: Իսկ Իրան, Թուրքիա եւ տարածաշրջանային շարք մը երկիրներ դէմ արտայայտուած էին: