Յառաջիկայ օրերը կրնան ծանրակշիռ ըլլալ յատկապէս Հալէպի հարաւային հատուածներուն մէջ տեղակայուած զինեալներուն համար: Այս մասին տեղեկութիւն կը տրուի լրատուական մէկէ աւելի աղբիւրի կողմէ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ այսօր Նիւ Եորքի մէջ ընթացք առած եւ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծումներ որոնելու կոչուած Նիւ Եորքեան ժողովին հետ համընթաց կը սպասուի, որ ռուսական ուժերու օգնութեամբ սուրիական բանակն ու «Հըզպալլա»-ն ցամաքային գործողութիւններ սկսին ինչպէս Հալէպի գիւղական հատուածներուն, այնպէս նաեւ Լաթաքիոյ մերձ շրջաններուն մէջ: Այս ընդհանուր իրավիճակին մասին կարծիք յայտնող մէկէ աւելի վերլուծաբաններ կը յայտնեն նաեւ, որ Հալէպի մարդկային իրավիճակը կը շարունակէ մնալ ծանր, այն իմաստով, որ քաղաքը կը շարունակէ գոյատեւել առանց տարրական կարիքներու ինչպիսին են ՝ ելեքդրականութիւնը, ջուրը եւ համացանցը: Այս ընդհանուր դրութեան մէջ եւ ըստ «Ալ Հայաթ» օրաթերթին յառաջիկայ օրերուն Սուրիոյ հարցերով ՄԱԿ-ի բանագնաց Սթէֆան Տէ Միսթուրայի կողմէ պատրաստուած քաղաքական նախնական համաձայնութեան մը սեւագիրը պիտի ներկայացուի մէկ կողմէ Սուրիոյ իշխանութիւններուն եւ միւս կոմէ` 11-ի հասնող ընդդիմադիր խմբաւորումներու եւ ըստ այդ համաձայնութեան կողմերը պիտի պատրաստուին ստեղծել փոխանցման կառավարութիւն մը, որուն վարչապետութեան պաշտօնը կրնայ ստանձնել Սուրիոյ նախկին վարչապետ Րիատ Հըժապը: