Ֆրանսական «Le Monde»ը յօդուած մը հրապարակած է, ուր անդրադարձած է Թեհրանի, Դամասկոսի, Պաղտատի եւ «Հըզպալլա»ի վրայ ԱՄՆ-ի կայացուցած որոշման ունեցած ազդեցութեան:
Յօդուածագիրը դիտել տուած է, որ «Հըզպալլա» վերստին արժանացած է բոլորի աջակցութեան, Միացեալ Նահանգները դատապարտելու միջոցով:
Ըստ «Le Monde»ի, «Հըզպալլա» վստահ է, որ Սուրիոյ պատերազմէն յաղթական դուրս պիտի գայ, եւ անոր մտահոգութիւնն ամբողջութեամբ փարատած է:
Թերթին համոզմամբ, Նասրալլա վերստին հասցուցած է «Հըզպալլա»ն իր երբեմնի պայքարի ծիրին, որ Իսրայէլի դէմ պայքարին մէջ կը կայանայ:
«Le Monde»ի համոզմամբ, Թրամբի նուէրն Իսրայէլին ինքնահաստատման նոր առիթ կը ստեղծէ «Հըզպալլա»ի համար: