Պրիւքսէլի օդակայանի մէջ, այսօր` 15 յունիսի առաւօտեան, բռնկած հրդեհի պատճառով իշխանութիւնները փակեցին օդակայանը եւ օդային երթեւեկութեան շարժը խանգարուեցաւ: Այս մասին կը յայտնէ «Ալ-Ճատիտ», նշելով, որ Պելճիքայի իշխանութիւնները, հրդեհի վտանգը սահմանափակելու նպատակով, անջատած են օդակայանի ելեկտրականութեան հոսանքը, ինչի հետեւանքով աւրուած է ղեկավարող համակարգիչներու աշխատանքը եւ պատճառ դարձած թռիչքներու ուշացումին:
Պելճիքական լրատուամիջոցներ աւելի ուշ հաղորդած են, որ օդակայանը վերսկսած է իր աշխատանքը, սակայն շատ մը թռիչքներ ուշացում արձանագրած են պատահած վթարի պտճառով: