image

Հրանդ Տինքի Ձեռքերը Օդին Մէջ Մնացին

Հրանդ Տինքի   Ձեռքերը  Օդին Մէջ  Մնացին

Ինը տարի  եւ Հրանդ   կը սպասէ արդարութեան:

Մեր  օրագրութեան մէջ  19 Յունուարը   դարձաւ Հրանդի  օր եւ  ամէն տարի  պահ մը   լռեցինք  ու վերյիշեցինք  անոր մեծ անկումը:

Պրկուած  աղեղի պէս զգացական շերտերը  կապեցինք  մեր  սպասկոտ ձայնին մէջ եւ սպասեցինք, որ թրքական «Թուտէյզ  զաման»ը, «Հիւրրիյէթ»ը, կամ միւս թերթերը   գրեն արդարութեան յաղթանակի մասին:

Այդ  թերթերը գրեցին Հրանդի  մահուան մասին:

Բայց ոչ արդարութեան  մասին:

Դատավարութիւնները  վերածուեցան  թատերական ներկայացումներու:

Դատերն ու դատավարութիւնները  մօտեցան  մեզմէ:

Բայց  Հրանդ Տինք աւելիով հեռացաւ:

Հրանդի  արձակած նետը  մտաւ մութին մէջ  եւ  ամէնուր տիրեց արեան խաղ:

Հրանդ  դուրս ելաւ իր պատանքէն:

Ամէն  մարդ դարձաւ Հրանդ  Տինք:

.....

Հրանդ Տինք չէին միայն Պոլսոյ փողոցներէն քալող հարիւր հազարները, որոնց անկեղծութեան համար  կասկածեցան մեզմէ շատեր:

 

Հրանդ Տինք չէր միայն Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեանը, որ մինչեւ այս պահը կը շարունակէ մնալ լուռ ...

 

Հրանդ Տինք չեն այն բոլորը, որ առ  այսօր  անոր սպաննութիւնը՝  թուրքը  մինչեւ վերջ  ատելու  դրօշի կը վերածեն:

Հրանդ ատելութեան  համար չմեռաւ:

Չմեռաւ վերջնականապէս կնքելու  հայ- թուրք ատելութեան  շիրմաքարին վրայ:

 

Իրաւամբ  ուրիշ  մէկն է Հրանդ Տինք:

Արդեօ՛ք ան մեզմէ մէկն  էր:

Արդեօ՛ք ան մեր արիւնոտ յիշողութեան հողին  համար  պայքարող մարդն էր միայն: Արդեօք ան գիտէ՞ր,  որ իր մահը  սկիզբ պիտի դառնար նոր ճանապարհի:

Գիտէ՞ր արդեօք, որ իր մահով պիտի բացուէին հարիւր տարի  փակ պահուած  պատուհանները:

Կամ  կ'երեւակայէ՞ր, որ Ուրֆայէն Մարաշ, Վան  ու  Տիարպէքիր իրենց  դէմքերը      վախի շղարշով փակած թաքուն հայերը դուրս պիտի գային իրենց «թաքստոցներէն»...

Թուրք կին  գործիչ՝ Փինար Սէլէք իր «Որովհետեւ Հայ Են»  հատորին մէջ (Երեւան, 2015 )    «Ձեռքերը»    խորագրուած հատուծին մէջ  Հրանդի  հետ իր  ունեցած առաջին հանդիպումը  նկարագրելով կը գրէ.

«Բանտէն  դուրս  գալէ  եւ Նշան Ամջայի կողմէն եկեղեցւոյ պարտէզ  հրաւիրուելէն քիչ ժամանակ անցած էր, երբ ան հանդիպեցաւ ինծի:

-Ես Հրանդ Տինքն եմ: Կ'ուզէի ծանօթանալ  քեզի հետ: Մեր նման մարդիկ պէտք է իրար ձեռք մեկնեն:

Անոր մկանոտ  խոշոր ձեռքերը լաւ կը յիշեմ:  Հրանդ ունէր մշուշոտ աչքեր նոյնիսկ երբ կը ժպտար: Յանդուգն, տաքարիւն, լաւատես  մարդ մը, որ  կը հրաժարէր   թաքնուիլ»:

Թուրք ֆէմինիստը շատ կարճ միջոցի մը մէջ կրցած էր խորապէս զգալ Հրանդի էութիւնը:

-Մկանոտ ձեռքեր  եւ մշուշոտ  աչքեր:

Իրեն «ժառանգ» տրուած մեծ ողբին մէջէն Հրանդի աչքերը կը պատմէին  Արեւմտահայաստանի   գաւառներու մեծ ողբին մասին:

Ողբի մը մասին, որ  արցունք  չունեցաւ:

Արցունքը կը չորնար  լռութեան  եւ ամայութեան մէջ:

Իսկ անոր ձեռքերը՝ խոշոր եւ մկանոտ  կը դառնային բաց ափեր:

Նոր սկիզբ մը կերտելու համար Հրանդի ճիգը կը մնար կիսատ:

 Հրանդի խոշոր ձեռքերը մինչեւ հիմա  պարզուած  են օդին  մէջ:

Ու չեղաւ մէկը, որ   միւս  ափէն  հասնէր ու նկատեր իր պատգամին  իմաստը:

Հրանդին համար կարեւոր էր թուրքը:

Շատ պարզ ըմբռնումով մը ան կը բացատրէր «միասին ապրելու հեռանկար»ին մասին:

Անոր այս մօտեցում էր, թերեւս, որ Սփիւռքի բոլոր թէժ կէտերուն մէջ պիտի չընդունուէր ու քննադատութեան տարափ մը թափուէր  իր գլխուն:

Ու ապա  անոր սպաննութիւնը կը դառնար պսակը՝  այս  պատմութեան:

Հրանդ կը նստէր նահատակի աթոռին, առանց որ անոր գործին իմաստը, անոր պատգամները եւ անոր արձակած նետերը տեղ մը  հասնին:

Միասին ապագայ մը կերտել:

Պիտի ըսէք,- ինչպէ՞ս:

Միասին նստիլ նոյն  սեղանին:

Հարց պիտի տաք,- ի՞նչ ապաւէնով:

Այս հարցումներուն պատասխանը ես ալ չունիմ, բայց գիտեմ, որ Հրանդ այդ  ճանապարհին հաւատաց:

Խօսքի ճանապարհին:

Ու խօսողը,  ճանապարհներուն վրայ լոյսի կտորներ «ցանող»ը պիտի չյոգնի:

Հրանդ երբեք յոգնիլ  չգիտցաւ:

Ու այսօր ալ, մինչեւ այս պահը անոր ձեռքերը ճերմակ աղաւնիներու  պէս բացուած կը մնան օդին մէջ:

Բայց այդ աղաւնիները  վախի կամ  սարսափի խնդիր չունին:

Որովհետեւ Հրանդի  ու անոր ձեռքերուն ժամանակը դեռ չէ հասունցած:

 

 Սագօ  Արեան