image

Հայ զինուորներուն հերոսական կեցուածքը մեզի համար հպարտանք կ՚առթէ. Սամուէլ Կարապետեան

Հայ  զինուորներուն հերոսական կեցուածքը  մեզի համար հպարտանք կ՚առթէ. Սամուէլ Կարապետեան

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակի վերաբերեալ իր մտահոգութիւնը արտայայտած է հայ ձեռնարկատէր եւ բարերար՝ Սամուէլ Կարապետեանը: Ան համոզուած է հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ քաղաքական ճանապարհով լուծելուն:

«Հայ զինուորներու այս օրերուն ցուցաբերած քաջութիւնն ու հերոսութիւնը հերթական անգամ հպարտութեան արժանի են: Սակայն ստեղծուած իրավիճակը լուրջ մտահոգութեան տեղիք կու տայ: Մենք մեծ պատերազմի ու մեծ զոհերու վտանգէն քայլ մը հեռու կանգնած ենք, եւ պէտք է խուսափինք անկէ: Յոյս ունիմ, որ շուտով հակամարտութիւնը խաղաղ հանգուցալուծում կը ստանայ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ եւ ոչ թէ մարտի դաշտին»:

Կարապետեան նաեւ ցաւակցութիւն  յայտնած է հայ զինուորներու եւ խաղաղ բնակչութեան շրջանակին մէջ զոհուածներու եւ վիրաւորներու ընտանիքներուն ու հարազատներուն եւ խոստացած է աջակցիլ անոնց: