ՌԴ Զինուած Ուժերու ականազերծման գործողութիւններու միջազգային կեդրոնի զինծառայողներու կողմէն Լեռնային Ղարաբաղին մէջ առաջին անգամ օգտագործուած է «Ուրան-6» ռոպոթը։
Անոր օգնութեամբ՝ Խոճալուի բնակավայրի տարածքէն ներս ուսումնասիրուած է շուրջ 8 հա տեղանք: Հեռակառավարուող ռոպոթացուած համակարգերու օգտագործումը հնարաւորութիւն կու տայ մեծցնելու ականազերծուած տարածքները՝ ապահովելով ականազերծման ընթացքին անձնակազմի անվտանգութիւնը:
Աշխատողը կարող է վերահսկել համալիրը մինչեւ 800 մեթր հեռաւորութեան վրայ (սարքը ունի չորս բարձր յստակութեան տեսախցիկներ, որոնք կ'ապահովեն բազմակողմանի պատկեր):
«Ուրան-6» համալիրի շահագործման ընթացքին, պայթեցման կամ ֆիզիքական ոչնչացման հետեւանքով գետինը եղած զինամթերքը կը վնասազերծուի:
Լեռնային Ղարաբաղի ռուսական խաղաղապահ ուժերու պատասխանատւութեան ոլորտէն ներս երկրաչափական հետախուզութիւնը կը շարունակուի: