«Human Rights Watch» կազմակերպութիւնը յայտնած է, որ ըստ իր կողմէ ձեռք բերուած տուեալներուն, 2017 թուականի յունիսին Իրաքի եզիտի զինեալներ «Միթիոթ» ցեղախումբի անդամ 52 իրաքցիներ թաքցնելով սպանած են զանոնք: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Խալիճ օնլայն» լրատուական կայքը:
Սպաննուածներու ընտանիքները «Human Rights Watch»ին յայտնած են, որ 2017 թուականի յունիսի 4-ին եզիտի զինեալները ձերբակալեցին «Միթիոթ» ցեղախումբի ութ ընտանիքներու անդամ կիներ, երեխաներ ու տղամարդիկ, որոնք «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման դէմ մղուող պատերազմէն ահաբեկուած կը փորձէին փախուստի դիմել:
Կազմակերպութիւնը տեղի ղեկավարներէն ձեռք բերած է նաեւ հինգ անուններէ բաղկացած ցուցակ մը, որ կ'ընդգրկէ նշուած ոճիրին մէջ կասկածուողներու անունները: