image

Եթէ պատերազմ ըլլայ եւ իմ երթալս անհրաժեշտ զգամ, անպայման կ′երթամ. Հայաստան ապրող հալէպահայ

Եթէ պատերազմ ըլլայ եւ իմ երթալս անհրաժեշտ զգամ, անպայման կ′երթամ. Հայաստան ապրող հալէպահայ

«Հոս մեր հայրենիքն է, իսկ հոն ստիպուած էինք զգոյշ կեանք մը վարել, քանի որ իսլամական երկիր է»,-«Արեւելք»-ին յայտնեցին Հայաստան ապրող սուրիահայ երիտասարդներ: «Արդէն 2 տարի 7 ամիսէ հոս ենք, յարմարուած ենք ապրելաձեւին: Ուսանողներ ենք, եւ իբր սուրիահայ մեր համալսարանի վարձավճարներէն բաժին մըն Հայաստանի պետութիւնէն կը ստանանք»:

Պատերազմական գօտիէն հասած երիտասարդներէն մէկը ըսաւ. «Մեզի համար երկու երկիրներուն միջեւ տարբերութիւն կայ: Արաբներուն մէջ ապրելով քիչ մը սխալ, քիչ մը զգոյշ եղած ենք: Նախքան պատերազմը աւելի հանգիստ էինք, բայց անկէ վերջ՝ ո՛չ: Իւրաքանչիւրին իսկական երեսը յստակացաւ: Հալէպի մէջ մինչեւ այսօր հայեր կը զոհուին եւ վիճակը ամէն օր աւելի կը վատանայ: Սուրիոյ մէջ խտրականութիւն չկար, բայց հիմա պատերազմական վիճակ է: Կը փափաքինք, որ պատերազմը շուտով վերջ գտնէ, հոն տակաւին ընկերներ ունինք: Կ′ուզենք առաջուան նման լաւ ըլլայ, բայց վերադառնալը դժուար է, այստեղի կեանքին վարժ ենք այլեւս, դժուար է կրկին իսլամական երկրի մը վստահիլը, հոս շատ հանգիստ է: Համակարգչային գիտութիւններ կ′ուսանիմ: Սուրիոյ հետ չեմ կրնար բաղդատել, որովհետեւ հոն դպրոցական էի, իսկ հոս համալսարանն եմ արդէն 2 տարիէ ի վեր»:

Անդրադառնալով Հայաստանի հասնող սուրիահայերուն տրամադրուած օժանդակութիւններուն, հայորդիներէն մէկը ըսաւ. «Միայն տուն ապահովելը բաւարար չէ: Մարդ չի կրնար միայն տունը նստելով ապրիլ: Անոր հարկաւոր է աշխատանք եւ ի մասնաւորի ուսում»:

Իսկ Հայկական բանակին մէջ սուրիահայերու ծառայութեան մասին մեր զրուցակիցներէն մին յայտնեց. «Կան երիտասարդներ, որոնք մաս կազմեցին հայկական բանակին, անոնցմէ էին իմ 2 զարմիկներս: Այս երեւոյթը չընդհանրացաւ հալէպահայերուն մօտ, որովհետեւ պատերազմէն հասած երիտասարդը կը մտածէ աշխատիլ, օրապահիկը ապահովել եւ կամ ուսանիլ, փոխանակ երթալ ու 2 տարի ծառայել բանակին: Իրականութեան մէջ պէտք է բոլորը ծառայեն, որովհետեւ եթէ Սուրիոյ մէջ կը ծառայէին, հոս պարտաւոր են այդ մէկը ընել: Հոս մեր հայրենիքն է, առաջնահերթութիւնը հոս պէտք է ըլլայ, թէկուզ այնտեղ ծնած-մեծցած ենք: Եթէ պատերազմ ըլլայ եւ իմ երթալս անհրաժեշտ զգամ անպայման կ′երթամ»:

Ապագայի նկատմամբ իր կարծիքը յայտնելով, միւս հայորդին ըսաւ. «Հալէպի ապագան մութ է: Մէկ օրուան մէջ ստացուած յոյսը չի յարատեւէր: Հայաստանի մէջ շատ գոհ չեմ: Երկրի իրավիճակէն մեկնելով երիտասարդներուն ապագայ չկայ: Մենք լաւ գիտենք, որ 4-5 տարուան ուսումէն ետք՝ լաւ գործ պիտի չի գտնենք կամ ալ շատ ցած աշխատավարձով: Ուրիշ դժգոհութիւն չունիմ: Բոլորն ալ հայ են, Հալէպի ապրելակեպին մօտ է: Իբր հայեր՝ պատերազմէն առաջ հոն ճնշում չէինք զգար, սակայն պատերազմէն ետք շատ զգալի էր այդ մէկը»:

Նշենք, որ «Արեւելք» զրուցակիցներն էին՝ Նշան Մանուկեան, Քրիստ Գարակէօզեան եւ Յովսէփ Նաճարեան: