«Փտածութեան դէմ պայքար» անուան տակ, Սէուտական Արաբիոյ իրաւասու մարմինները ձերբակալութիւններու նոր ալիք մը բարձրացուցած են թագաւորական ընտանիքի անդամներուն դէմ, մինչդեռ, ըստ արեւմտեան աղբիւրներու, պայքարը քաղաքական հակառակորդներու դէմ է, որ կը մղուի, կը գրէ «Արապի 21» կայքը:
Կայքը, վկայակոչելով իր հաւաստի աղբիւրը, նշած է, թէ Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները չորեքշաբթի օր ձերբակալած են նաեւ փտածութեան ու դրամի լուացման մէջ մեղադրուող տասնեակ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ կալանաւորուած Ուալիտ Պին Թալալի դուստրը՝ իշխանուհի Ռիմը:
Նշենք, որ օրերս ծայր առած ձերբակալութիւններու ծիրին մէջ առաջին դէպքն էր, երբ թագաւորական ընտանիքի կիներէն մէկը կը ձերբակալուէր: