«Միկ-21» Խորհրդային միութեան կողմէ արտադրուած ամենաուժեղ ռազմական օդանաւերէն մէկն էր, որ արտահանուած է մօտ 60 արաբական երկիր, եւ դարձած է նշուած երկիրներու օդուժի ամենակարեւոր բաղադրիչը շնորհիւ իր արագութեան, որ երկու անգամով կը գերազանցէր ձայնի արագութիւնը, ինչպէս նաեւ իր զինման որակին:
«Միկ-21» տիպի կործանիչները Միջին Արեւելքի մէջ լայնօրէն կիրառուած են նախորդ դարու 60-ական թուականներուն, Եգիպտոսի, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ընթացող հակամարտութիւններու ժամանակ, յատկապէս Իսրայէլի դէմ պայքարին մէջ:
Այդ էր պատճառը, որ ամերիկեան զէնքերով պայքար մղող Իսրայէլ մշտապէս կը ձգտէր ձեռք բերել «Միկ-21» տիպի կործանիչներէն մէկը, անոր ուժը վերլուծելու, ինչպէս նաեւ տկար կէտերուն ծանօթանալու նպատակով:
Իսրայէլեան հետախուզական մարմինը՝ Մոսատ նշեալ նպատակի իրագործման ի խնդիր նախագիծ մշակեց արաբական երկիրներէն մէկու «Միկ-21» տիպի կործանիչը գողնալու, յիշեալ գործողութիւնը «Diamond»ի գործողութիւն կոչելով:
Գործողութիւնն սկիզբ առաւ Եգիպտոսէն, ուր Մոսատի աշխատակիցը փորձեց եգիպտացի օդաչու մը կաշառել, անոր մէկ միլիոն տոլար խոստանալով, փոխարէնը առաջարկելով օգնել եգիպտական «Միկ-21» ձեռք բերել, սակայն օդաչուն բողոք ներկայացուց անոր դէմ ու զինք ձերբակալեցին:
Իսրայէլ առանց յուսայատելու իր հայեացքն ուղղեց դէպի Իրաք, ուր 1964 թուականին յաջողեցաւ կապ հաստատել իրաքցի օդաչուի մը հետ, որ մէկ միլիոն տոլարի դիմաց ընդունեց համագործակցիլ Իսրայէլի հետ:
Իրաքցի օդաչուն բանակի շարքերուն պաշտօնի բարձրացման հետ կապուած խնդիրներ ունէր, որ եւ պատճառ հանդիսացաւ, որ ընդունի Իսրայէլի առաջարկը:
1966 թուականին, երբ իրաքցի օդաչուն Յորդանանի վրայ օդային մանեւրի կը մասնակցէր, յաջողեցաւ իր օդանաւով դասալքութեան դիմել եւ հասնիլ Իսրայէլ:
Օդանաւը առեւանքումէն շաբաթներ անց մասնակցեցաւ Իսրայէլի կողմէ օգտագործուող ֆրանսական «Միրաժ» օդանաւերուն դէմ մանեւրին, իսրայէլցի օդաչուները արաբական կործանիչներուն դէմ պայքարի վարժեցնելու նպատակով: