Դամասկոսի Մաքսակէտը 40 թոն ժամկէտը անցած մանկական կաթ եւ կաթնամթերք ներմուծելու փորձ բացայայտած է: Այս մասին կը հաղորդէ սուրիական «Թշրին» օրաթերթը: Աղբիւրը կը նշէ, որ մաքսանենգ վաճառականէն առգրաւուած մթերքը գերմանական արտադրանք եղած է եւ անոր առգրաւումը տեղի ունեցած է Դամասկոսի արուարձանին մօտ:
Նշենք որ նշեալ վաճառականը 4-րդ անգամ ըլլալով անօրէն մթերք ներմուծելու մեղադրանքով կ'ամբաստանուի: Նախորդ 3 անգամներուն, որպէս պատիժ գումարային տուգանք սահմանուած է: