Սուրիա- Յորդանան փակ սահմանի վերաբերեալ յորդանաեան դիրքորոշման մէջ նորութիւն նկատուած է:Այս մասին կը գրէ լիբանանեան «Ալ-Տիար»ը, նշելով, որ Յորդանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալլուշ այս մասին խօսած է շաբաթ օր, «Յորդանանցի մտաւորականներ եւ լրագրողներ յանուն դիմադրող Սուրիոյ» խորագիրը կրող միջոցառման ընթացքին:
«Յորդանանի եւ Սուրիոյ միջեւ սահմանի բացումը շուտով պիտի իրականանայ եւ սահմանային անցքերը Սուրիոյ բանակային ուժերուն հսկողութեան տակ պիտի անցնին»,-ըսած է Ալլուշ, աւելցնելով, որ «այս հարցը ամենեւին ալ բանակցութեան առարկայ չի կրնար ըլլալ», եւ շեշտած, որ «ահաբեկիչ զինեալներու սահմանին վրայ ներկայութիւն ըլլալու մասին խօսքերը պարզապէս չարամտութիւն են»:
Ալլուշ նաեւ նշած է, որ «կրնանք ըսել, որ Սուրիոյ հետ սահմանը բանալու յորդանանեան փափաք կայ եւ այդ մասին սուրիական կողմին արտայայտութիւններ եղած են»:
Ալլուշ ընդգծած է նաեւ, որ «սահմանին գտնուող ահաբեկչական խմբաւորումները կը համագործակցին Իսրայէլի հետ եւ կը ստանան անոր աջակցութիւնը»: