image

«CIA»ի փաստաթուղթը կը հաստատէ Հիթլէրի պատերազմէն փրկուած ըլլալը

«CIA»ի փաստաթուղթը կը հաստատէ Հիթլէրի պատերազմէն փրկուած ըլլալը

Վերջերս բացայայտուած, Ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեան կեդրոնական գործակալութեան (CIA) փաստաթուղթը տարաձայնութիւններու առիթ եղած է: Փաստաթուղթի համաձայն,  լրտես մը 1955-ին  հաստատած է, որ Ատոլֆ Հիթլէր կրնայ թաքնուած ըլլալ (այդ ժամանակ) Հարաւային Ամերիկայի մէջ: 

«Sputnik Brasil» կայքը, յղում ընելով CIA- ի կայքէն, յայտնած է, որ սպասարկութեան լրտեսը, որ կը կրէ «CIMELODY-3» ծածկանունը, տեղեկացուցած է, որ իր հաշւոյն աշխաող եւ տեղեկութիւններ փոխանցող աղբիւրը կապ հաստատած է նախկին նացիստ Ֆիլիպ Սիթրոէնի հետ, որ իր հերթին պնդած է, որ ինք հանդիպած է Հիթլերին հետ՝  պատերազմէն ետք: 

 Փաստաթուղթը կը նշէ, որ Սիթրոյէնը, որ Dutch Royal Motor ընկերութեան պաշտօնեան էր, Հիթլէրի հետ ամէն ամիս նուազագոյնը մէկ անգամ կապուած է, Մարաքայպոյէն Քոլոմպիա կատարած իր աշխատնքային ճամբորդութիւններու ընթացքին:

Որպէս հաւաստում իր պնդումներուն, Սիթրոէն լրտեսին նկար մը ցոյց տուած է, ուր ինք պատկերուած է Հիթլէրի հետ, 1954-ին, Քոլոմպիական Թոնխա շրջանին մէջ: Այդ նկրէն օրինակ մը կցուած է խնդրայարոյց փաստաթուղթին:

Նախկին նացիստը նաեւ յայտնած է, որ Հիթլէր, այս նկարը առնուելէն մէկ տարի անց, Քոլոմպիայէն Արժանթին անցած է: