image

Չորս հալէպահայ աշակերտներ յատուկ պարգեւատրումի արժանացան

Չորս հալէպահայ աշակերտներ յատուկ պարգեւատրումի արժանացան

Հալէպահայ 4 աշակերտներ յատուկ պարգեւատրումի արժանացան: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն:

Նշենք որ պարգեւատրումը տեղի ունեցաւ երէկ՝ 19 դեկտեմբերին, Սուրիոյ իշխող Պաաըս կուսակցութեան Հալէպի գլխաւոր կեդրոնատեղիին մէջ, ի ներկայութեան Հալէպի նահանգապետ Հուսէյն Տիապի, Հալէպ նահանգի քաղաքապետ Հալլաքի, մեծ թիւով քաղաքական պատասխանատուներու, ինչպէս նաեւ պարգեւատրումի արժանացած աշակերտներու ծնողներուն:

Հանդիսութեան ընթացքին խօսքեր արտասանուեցան, ուր նշուեցաւ Հալէպի մէջ հակառակ ընթացած պատերազմին կրթական ոլորտին կանգուն մնալը, ինչպէս նաեւ շեշտը դրուեցաւ յառաջիկայի նոր եւ արդիական կրթական ծրագիրներու գործադրման վրայ:

Յիշեցնենք, որ պարգեւատրեալներն են` հալէպահայ աշակերտներ Քլարա Տլտլեան, Անի Ճերէշեան, Անդրանիկ Կիւլտարեան եւ Աննա Սաղպազարեան:

Մինչ Քլարա Տլտլեան բացառիկ յաջողութիւն արձանագրած է կրթական ուսումնառութեան մէջ,  անդին միւս երեք մրցանակակիրները պարգեւատրուած են տարբեր երաժշտական գործիքներու մէջ իրենց ունեցած հմտութիւններուն համար:

Ուրախալի է, որ հակառակ Հալէպը հարուածած ծանրագոյն պատերազմական պայմաններուն, սուրիահայ աշակերտները շարունակեցին իրենց ուսումնառութիւնը եւ այսպիսի պարգեւատրումներու արժանանալով բարձր պահեցին եւ կը շրունակեն պահել հայութեան անունը: