image

Բողոքի գործողութիւններ «Իմ քայլը»ի պատգամաւորի տան մօտ. Mediaport (Տեսանիւթ)

Բողոքի գործողութիւններ «Իմ քայլը»ի պատգամաւորի տան մօտ. Mediaport (Տեսանիւթ)

«Դուրս եկէք դաւաճանների կուսակցութիւնից». բողոքի արշաւ «Իմ քայլ»ի պատգամաւոր Արուսեակ Ջուլհակեանի տան բակին մէջ: Այս մասին տեսանիւթ հրապարակած է Mediaport թելեկրամ ալիքը։

Ջուլհակեանի հարեւանները ծափերով ողջունած են ցուցարարները:

Նշենք, որ քաղաքացիները բողոքի արշաւներու շարք սկսած են «Իմ քայլ»-ի պատգամաւորներու բակերուն մէջ՝ անոնց մեղադրելով Արցախը յանձնելու դաւաճանութեան մասնակից ըլլալու եւ Փաշինեանի ստորագրած քափիթուլացիայի (անձանտւութեան) խայտառակ փաստաթուղթին չընդդիմանալու մէջ:

Նման արշաւներ արդէն տեղի ունեցած են «իմքայլականներ» Լիլիթ Մակունցի, Սուրէն Գրիգորեանի, Նարեկ Զէյնալեանի, Անդրանիկ Քոչարեանի, Միքայէլ Զոլեանի, Ռուբէն Ռուբինեանի եւ այլոց բակերուն մէջ: