image

Ասատ դատապարտեց Թուրքիոյ ոտնձգութիւնները

Ասատ դատապարտեց Թուրքիոյ ոտնձգութիւնները

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ անդրադարձած է Աֆրինի մէջ տեղի ունեցող թրքական յարձակումներուն, նշելով, որ այն կարելի չէ տարանջատել Սուրիոյ ճգնաժամի առաջին իսկ օրէն Թուրքիոյ որդեգրած ռազմավարութենէն, որ կը միտէր ահաբեկիչներն ու ահաբեկչական գործողութիւնները հովանաւորելու եւ անոնց օժանդակելու:

«Սանա» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, Ասատ Իրանի Արտաքին յարաբերութիւններու ռազմավարական խորհուրդի նախագահ Քամալ Խարազիի հետ հանդիպման ժամանակ շեշտած է, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարի յաղթանակը, ինչպէս նաեւ Իրանի միջուկային ծրագրի յաջողութիւնը նպաստած են տարածաշրջանի երկիրներու մասնատման ուղղուած ծրագիրներու խափանման:

Ասատ բարձր գնահատած է նաեւ Իրանի օժանդակութիւնը Սուրիոյ բանակին, որ նպաստեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարի յաջողութեան:

Իր հերթին Խարազի շնորհաւորած է սուրիացիները, բանակի իրերայաջորդ յաղթանակներուն առթիւ, վստահութիւն յայտնելով, որ յառաջիկային նոյնպէս պիտի շարունակուին յաղթանակները թէ' ռազմական, թէ' քաղաքական գետնի վրայ: