Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահներ Արա Թորանեան եւ Մուրատ Փափազեան դատապարտելով Ֆրանսայի մէջ ազրպէյճանական լոպիին հակահայ գործունէութիւնը, բաց նամակ մը յղած են Ֆրանսայի վարչապետ Մանուէլ Վալսին: Ստորեւ նամակին բովանդակութիւնը՝
«Պարոն վարչապետ,
CCAF խոր ընդվզումով տեղեկացաւ, որ Փետրուար 26ին, Յաղթանակի կամարին տակ՝ «Խոճալուի ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման» արարողութիւն մը տեղի ունեցած է, Ազրէպյճանի դեսպան Պ. Էլչին Ամիրպայովի ներկայութեամբ։ Նոյն նպատակով, Փետրուար 25ին ալ համերգ մը տրուած է Էնվալիտի Սէն-Լուի եկեղեցւոյ մէջ, որ կախեալ է Բանակներու թեմէն։
Ազրպէյճանի կողմէ ծրագրուած այս ձեռնարկները մաս կը կազմեն քարոզչութեան մը, որ կը միտի Հայերը ցոյց տալու որպէս «ցեղասպաններ» եւ աւելին՝ ատիկա կը կատարուի Ֆրանսայի կողմէ ալ պաշտօնապէս ոգեկոչուած՝ 1915ի Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի ճիշդ վաղորդայնին։
Այն դէպքերը որոնց կ՚ակնարկեն այս ձեռնարկները, «ցեղասպանութեան» հետ ոչ մէկ կապ ունին։ Անոնք պատահած են Ղարաբաղեան պատերազմի ընթացքին, որ երկու կողմերէն 30.000 զոհեր խլեց։
Անմեղ հազարաւոր հայ քաղաքացիներ կոտորուեցան այդ հակամարտութեան ընթացքին, թէ՛ պատերազմի հուրին ներքեւ (Ստեփանակերտի անվերջ հրթիռակոծում, ապա նաեւ 1992 Ապրիլ 10ին՝ Մարաղայի հոլոքոսթը), կամ ալ ճակատէն հարիւրաւոր մղոններ հեռու, հրադադարի պայմաններու մէջ. 1988 Փետրուար 28ին եւ յաջորդող օրերուն՝ Սումկայիթի ջարդը (հարիւրաւոր զոհեր), 1990 Յունուար 13էն 19 Պաքուի ջարդերը (շուրջ 400 զոհ), 1988 Նոյեմբերին Կիրովապատի ջարդը, որ պատճառեց աւելի քան հարիւր զոհ եւ մեծ թիւով քաղաքացիներ ալ անհետացան։
Այս պատերազմին մասին ֆրանսական հանրային կարծիքին անգիտութիւնը շահագործելով՝ Հայերը որպէս «ցեղասպաններ» ներկայացնելու Ազրպէյճանի գործընթացը ինքնին անընդունելի է։ Իսկ Ֆրանսայի պաշտօնական վարչական շրջանակներուն՝ ալիեւեան վարչակարգին լայնօրէն նպաստած քարոզչական այդ գործողութեանց մասնակից դառնալը՝ բազմաթիւ հարցականներու տեղի կու տայ։ Մանաւանդ, որ Ֆրանսա հակամարտութեան լուծումին կոչուած Մինսքի խումբի համանախագահ երկիր ըլլալով, լաւատեղեակ է անցուդարձին։
Հայոց դէմ ուղղուած զրպարտական այս գործողութիւնները, որոնք կ՚երաշխաւորուին Ֆրանսայի Հանրապետութեան կողմէ, իսկական գրգռութիւններ են, որոնք խորապէս կը ցնցեն ծագումով հայ Ֆրանսացիները, որոնք լաւ կը գիտակցին «ցեղասպանութիւն» եզրին բուն կշիռին։Ա՛լ աւելի կը դժուարանանք հասկնալու այս խեղաթիւրումներուն նկատմամբ ցուցաբերուած ակներեւ հաճոյակատարութիւնը, մինչ գիտենք ձեր փարումը հայ ժողովուրդի դատին, զոր Հանրապետութեան նախագահը Յունուար 28ին, CCAF-ի ընթրիքին բնութագրեց որպէս՝ «արդարութեան դատը»։
Սպասելով ձեր պատասխանին, Պարոն Վարչապետ, կը փոխանցենք մեր բարձրագոյն յարգանքներուն հաւաստիքը»։