Սուրիացի ռազմագէտ Թուրքի Ալ Հասան յայտարարած է, որ Սուրիոյ բանակն ազատագրած է երկրի նաւթահորերու մեծ մասն ու այժմ կը գտնուի Տէր Զօր քաղաքի մուտքին, կը գրէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:
«Սփութնիք»ի տուած հեռուստազրոյցի ընթացքին ռազմագէտը նշած է, որ Ալ Օմար նաւթահորին տիրապետելը ԱՄՆ-ի գերխնդիրն է, որուն կարեւորութիւնը կը կայանայ մէկ կողմէ ահաբեկչական խմբաւորումներուն նաւթ տրամադրելու իր դիտաւորութեան, միւս կողմէ, սուրիական կառավարութեան նաւթամատակարարումը կտրելուն մէջ:
Ռազմագէտը համոզմունք յայտնած է, որ ԱՄՆ անկարող է Սուրիոյ մէջ քրտական տարածք ստեղծելու, նկատի ունենալով կարողութիւններու, աջակցութեան, ինչպէս նաեւ հասարակական գործօնի տկար ըլլալը:
Աւարտին Թուրքի Ալ Հասան կարծիք յայտնած է, թէ Տէր Զօրի յաղթանակը առաջ պիտի տանի Ասթանայի գագաթաժողովի որոշումներով յագեցած քաղաքական լուծման գործընթացը, շեշտելով, որ Սուրիոյ բանակին Տէր Զօրի մէջ արձանագրած յաղթանակը ամրապնդած է Ասթանայի եւ Ժընեւի քաղաքական հանդիպումներու արդիւնքները: