Շաբաթ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբ յայտարարած է մաշտապային աղէտի ռեժիմ՝ նոր տիպի «Քորոնա» ժահրի համավարակի կապակցութեամբ, կը հաղորդէ Fox News-ը։
Այդ կը նշանակէ, որ այս ռեժիմը պիտի գործէ բոլոր 50 նահանգներու տարածքին:
Տանըլտ Թրամբն ԱՄՆ առաջին նախագահն է, որ յայտարարած է մաշտապային աղէտի ռեժիմ երկրի բոլոր 50 նահանգներուն մէջ միաժամանակ, յայտնած է Սպիտակ տան մամուլի քարտուղար Ճատ Տիրը։
Յիշեցնենք, որ վերջին տուեալներով՝ ԱՄՆ-ի մէջ գրանցուած է նոր տիպի «քորոնա» ժահրով վարակման աւելի քան կէս միլիոն դէպք։ Աւելի քան 20 000 մարդ մահացած է COVID-19-ի հետեւանքով առաջացած բարդութիւններէն։