70 հազար սուրիացիներ (նաեւ իրաքցիներ) Գերմանիա բնակող իրենց ընտանիքներուն միանալու դիմում ըրած են: Այս մասին «Deutsche Press» գործակալութեան հաղորդած է Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Կը նշուի, որ գաղթականերու հարցը, անցեալ ամիս ընտրութիւններէն ետք դաշինք կազմելու բանակցութիւններուն առանցքային խնդրյարոյց հարցը եղած է:
Անկէլա Մերքէլի ղեկավարած Քրիստոնիա դեմոկրատներու կուսակցութիւնը գաղթականներ ընդունելու դրութիւն տալուն համար իր աջակիցները կորսնցուցած էր՝ ի շահ գաղթականներ ընդունելու դէմ եղող կուսակցութեան:
Արտաքին գործոց նախաարութեան տուեալներէն յայտնի կը դառնայ, որ Գերմանիան 2015-էն մինչեւ 2017-ի կէսերը, 102 հազար սուրիացիի եւ իրաքցիի իրենց ընտանիքներուն միանալու արտօնագիր տուած է:
Նախարարութիւնը կը նախատեսէ, որ 2018-ին այս թիւին աւելնայ 100-էն 200 հազար անձ: