Մայիս 25ը կը խորհրդանշէ յաղթարշաւի պանծալի օրը Մայիսեան հերոսամարտին՝ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ճակատամարտերուն, որոնք 98 տարի առաջ, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին առջեւ բացին նոր կեանքի՝ ազատ ու անկախ ապրելու լուսաշող առաւօտը:
25 Մայիսը եղաւ դարաւոր գերութենէ ազատագրուելու՝ ազգային կենաց-մահու պայքարին լծուած հայոց զօրայիններու հերոսական ծառացումին եւ յաղթական հակայարձակման Մեծ Գրոհի օրը:
Մայիս 21ին սկսած եւ դէպի Երեւան երեք ճակատներով՝ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ուղղութիւններով ծաւալած թրքական ընդհանուր յարձակողականը փաստօրէն կասեցուած էր արդէն Մայիս 24ին:
Երեք ճակատներուն վրայ ալ, հայ ժողովուրդը յաղթանակով պսակեց իր մղած օրհասական կռիւը՝ 1915ին ի գործ դրուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը իր աւարտին հասցնելու կատաղութեամբ յարձակող թրքական բանակին դէմ:
Երբ թրքական զօրքը երեւցաւ Սարդարապատի մատոյցներուն եւ փորձեց յառաջանալ դէպի Երեւան, սկզբնապէս սարսափն ու խուճապը համակեցին ողջ հայութիւնը: Բայց Մարտի վերջերուն ժողովուրդին կողմէ Երեւանի «դիկտատոր» կարգուած Արամը շատ արագ յաղթահարեց բարոյալքումի այդ հոգեվիճակը եւ, Երեւանի Ազգային խորհուրդին ու անոր յառաջացուցած Յատուկ մարմինին ամբողջական գործակցութեամբ, բոլոր ուժերով ու անպայման յաղթելու վճռականութեամբ՝ դէպի կռուի դաշտ ու սրբազան գոյամարտ մղեց ողջ Երեւանը:
Թրքական յարձակումը ետ մղելու ուխտով յառաջ նետուեցան Հայ կամաւորական գունդերու զօրայիններն ու պարզ ժողովուրդը, երիտասարդն ու տարեցը, կինն ու մանուկը, մտաւորականն ու հոգեւորականը:
Երեւանի զօրաշարժը թափ տուաւ նաեւ Բաշ Ապարանի ու Ղարաքիլիսայի ճակատներուն վրայ թշնամին ետ մղելու համընդհանուր կորովին ու մարտունակութեան:
Երեւանի մէջ Արամ եւ հայկական զօրքի հրամանատար զօր. Սիլիկեան, Սարդարապատի ճակատին վրայ զօր. Դանիէլ Բէգ Փիրումեան, Բաշ Ապարանի ճակատին վրայ Դրօ, Ղարաքիլիսայի վտանգուած ճակատը պաշտպանող հայկական զօրքի ընդհանուր հրամանատար զօր. Նազարբէգեան, ինչպէս նաեւ ֆետայական շարժման մեծ դպրոցէն անցած Սեպուհ, Սմբատ, Գարեգին Նժդեհ, Մուրատ, Համազասպ, Դէլի Ղազար եւ ընկերներ բառին բուն իմաստով հրաշք գործեցին:
Ապրիլ ամսուան ընթացքին Երզնկան, Կարինն ու Կարսը դիւրութեամբ գրաւած եւ Ալեքսանդրապոլ հասած Վեհիբ փաշայի զօրքերը յանկարծ իրենց դէմ գտան մէկ մարդու պէս կռուի դաշտ նետուած անպարտելի ժողովուրդ մը…
Եւ Մայիսի 23էն 24, կրկնապատիկ աւելի թիւով թուրք զօրքերուն դէմ, հայկական ուժերը հերոսական ճակատումներով ռազմական փայլուն յաղթանակներ տարին եւ, ի վերջոյ, կոտրեցին թրքական զօրքի յարձակման թափը:
Յատկապէս Սարդարապատի ճակատին վրայ արձանագրուեցաւ Մայիսեան հերոսամարտին յաղթական դարձակէտը: Ինչպէս որ այդ օրերու ընդհանուր մթնոլորտն ու ռազմաճակատի զարգացումները լաւագոյնս ամփոփած եւ նկարագրած վարչապետ Սիմոն Վրացեան, իր «Հայաստանի Հանրապետութիւն» կոթողական գործին մէջ կը վկայէ.
«Թիւրքերի կողմից, Սարդարապատի ճակատում, գործում էին 5րդ դիվիզիան եւ բազմաթիւ անկանոն խմբեր, իսկ Բաշ Ապարանի ուղղութեամբ՝ 3րդ դիվիզիան:
Կռիւները սկսուեցին Սարդարապատում, ուր մեր զօրքերը գրաւել էին Ղարախանլու-Քէօրփալու-Զէյվա գիւղերի գիծը: Մայիս 21-22ին տեղի ունեցան մասնակի ընդհարումներ. թշնամին որոնում էր հակառակորդի թոյլ տեղը՝ վճռական գրոհի դիմելու համար: Մայիս 23ին զօր. Սիլիկեանը տուեց հակայարձակման հրաման: Հայկական ուժերը նետուեցին առաջ:
Բռնկուեց կատաղի ճակատամարտների երկար մի շարք: Թիւրքերը ցոյց տուին յամառ դիմադրութիւն՝ անցնելով բազմաթիւ հակայարձակումների: Ամբողջ օրը, առաւօտից մինչեւ երեկոյ, որոտում էին թնդանօթները, որոնց գոռոցը հասնում էր մինչեւ Երեւան, ուր նոյնպէս տիրում էր տենդոտ եռուզեռ: Թիկունքից սայլերով, էշերով, ձեռքերով ռազմամթերք էին հասցնում կռուողներին, հաց, ծխախոտ, խմելու ջուր… Բազմաթիւ կամաւորներ՝ ծեր ու երիտասարդ, ռազմաճակատ էին շտապում:
Ճակատի զինուորը չէր միայն՝ ամբողջ երկիրը մի մարդ, մի շունչ դարձած՝ կռւում էր մահացու թշնամու դէմ:
Մայիս 24ին թիւրքերը դիմեցին փախուստի: Մերոնք հալածեցին ոգեւորուած: Թշնամին յուսահատական դիմադրութիւն էր ցոյց տալիս եւ աշխատում դիրքեր գրաւել, բայց մերոնց շեշտակի հարուածների տակ շարունակեց փախուստը: Յաղթութիւնը մերն էր»:
Մայիս 1918ի վերջին տասնօրեակը այս առումով հանդիսացաւ հայոց բազմադարեան պատմութեան այն աստեղային պահերէն մէկը, երբ հայութիւնը՝ իր ղեկավարութեամբ ու ժողովուրդով, գործեց միեւնոյն բաբախումով ու վերածուեցաւ միաձոյլ կամքի եւ հաւաքական ուժի:
Այդ միաձոյլ կամքն ու հաւաքական ուժը մղում տուին Մայիսեան յաղթանակներուն, որոնք հնարաւոր դարձուցին Հայաստանի անկախութեան նուաճումն ու հայոց ազգային պետականութեան ստեղծումը:
Զօրավար Սիլիկեան լաւապէս կը գիտակցէր Սարդարապատի ճակատին վրայ հայ ժողովուրդի տարած յաղթանակին այս եզակի նշանակութեան, երբ ի տես թրքական բանակի ընկրկումին ու նահանջին՝ հայրենիքի ամբողջական ազատագրութեան հետեւեալ կոչը կ՛ուղղէր Մայիս 24ի երեկոյեան.
«Հայե՛ր, շտապեցէ՛ք հայրենիքն ազատելու:
Հասել է րոպէն, երբ իւրաքանչիւր հայ՝ մոռանալով իր անձնականը, յանուն Մեծ Գործի՝ հայրենիքի փրկութեան եւ իր կնոջ ու աղջիկների պատուի պաշտպանութեան, պէտք է գործ դնի իր վերջին ճիգը՝ թշնամուն հարուածելու համար:
Մենք չէինք ուզում կռուել. յանուն խաղաղութեան ու հաշտութեան պատրաստ էինք ընդառաջ գնալու ամէն տեսակ զոհողութիւնների, սակայն, մեր նամարդ թշնամին ընթանում է իր ծրագրած ուղիով. նա, ըստ երեւոյթին, ստրկացնել է ուզում մեզ, բայց, իրօք, ուզում է ոչնչացնել մեր բազմաչարչար ազգը: Բայց քանի որ պիտի ոչնչանանք, աւելի լաւ չէ՞, որ զէնքը ձեռներիս փորձենք պաշտպանել մեզ: Գուցէ յաջողուի մեզ կռուով ձեռք բերել ապրելու իրաւունքը:
Իսկ որ մենք կարող ենք պաշտպանուել, այդ ցոյց տուին վերջին կռիւները մեր ճակատում, ուր մեզանից թուով գերազանց թշնամին նահանջի է դիմել մեր հերոսական գրոհի առաջ:
Հարկաւոր է մի ճիգ եւս, եւ թշնամին վռնտուած կը լինի մեր երկրի սահմաններից, ուր մեր պապերն ու հայրերը երկար տարիներ արիւն-քրտինքով աշխատել են գէթ մի կերպ հայթայթել իրենց օրուայ ապրուստը:
Հայե՛ր, ժամանակ չէ դանդաղելու: Մինչեւ յիսուն տարեկան ունեցող բոլոր տղամարդիկ պարտաւոր են զէնքի տակ գալու. ես պահանջում եմ ամէնքից ներկայանալ իրենց զէնքերով ու փամփուշտներով հայրենիքի պաշտպանութեան համար:
Հայուհինե՛ր, յիշեցէ՛ք հինգերորդ դարու փափկասուն տիկնանց, որոնք ոգեւորեցին իրենց ամուսիններին դէպի Մեծ Գործը, անմահ Վարդանի կռիւների ժամանակ. հետեւեցէ՛ք նրանց օրինակին. եթէ չէք ուզում որ ձեր պատիւը ոտնակոխ լինի, խրախուսեցէ՛ք այն վախկոտներին, որոնք զանազան պատրուակներով խուսափում են ճակատ գնալուց: Հաւաքեցէ՛ք ռազմամթերք, հաց, հագուստ եւ ուրիշ մթերքներ…
«Ես խորապէս համոզուած եմ, որ իմ այս կոչը անարձագանգ չի մնայ, եւ երկու-երեք օրուայ ընթացքում կը կազմակերպուի մի այնպիսի՛ քաջարի զօրաբանակ, որին կը յաջողուի վռնտել թշնամուն հայրենի հողի սահմաններից եւ ապահովել հայ ժողովրդի գոյութիւնը:
Յանո՛ւն բազմաչարչար ժողովրդի ֆիզիքական գոյութեան,
Յանո՛ւն ոտնակոխ եղած ճշմարտութեան –
Ոտքի՛ կանգնեցէք:
Դէպի՛ սրբազան պատերազմ»:
Մայիս 25ին հայկական ուժերը աւելի ուժեղ թափով անցան ընդհանուր յարձակողականի՝ միացեալ ուժերով գրոհելով Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ուղղութեամբ:
Այսպիսի՛ հերոսական Ազգ ու Հայրենիք, Պատմութիւն եւ Պետութիւն կերտող մայիսեան օրեր ապրեցաւ հայութիւնը, 98 տարի առաջ, Արարատեան դաշտին մէջ եւ շուրջ
Նազարէթ Պէրպէրեան
«Ասպարէզ»