image

Փորձած են ծեծի ենթարկել «Իմ քայլ»ական պատգամաւոր Ռուստամ Բակոյեանին. Վերջինս դիմած է ոստիկանութեան

Փորձած են ծեծի ենթարկել «Իմ քայլ»ական   պատգամաւոր  Ռուստամ  Բակոյեանին. Վերջինս  դիմած է  ոստիկանութեան

Ազգային Ժողովի իշխանական պատգամաւորները կը շարունակեն հասարակութեան մէջ խնդիրներ ունենալ պատերազմին արձանագրուած խայտառակ պարտութենէն ետք։ Սակայն այդ օրերուն իշխանական պատգամաւորներէն շատերը արժանացած են հանրութեան ոչ բարեհաճ վերաբերմունքին, մաս մը նաեւ ենթարկուած բռնութեան։

«Փաստինֆօ»-ի   տեղեկութիւններով՝ ժողովուրդի ներկայացուցիչները փորձած են ծեծել իշխող ուժի պատգամաւոր Ռուստամ Բակոյեանը։ Վերջինս այդ օրերուն թաքնուած է Աջափնեակ համայնք, իր ծանօթի տունը։ Հարեւանները իմացած են եւ փորձած զինք պատժել իշխող խումբիի վարած պարտուողական քաղաքականութեան համար։ Քաշքշուկ եղած է եւ ներկաները հայհոյած են պատգամաւորին։

Միջադէպէն ետք Ռուստամ Բակոյեան շտապած է Աջափնեակի ոստիկանութիւն եւ յանցագործութեան մասին հաղորդում տուած։ Պատգամաւորը այնտեղ տեղեկացուցած է, որ իրեն հայհոյած են, փորձած ծեծել եւ վնասած իր ինքնաշարժը։ Այս հարցով քննութիւն կը կատարուի։